Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Երկրաշարժին Յառաջացուցած Աղէտը Դիմագրաւելու Յանձնառութեամբ

February 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 փետրուարը ահասարսուռ օր մը եղաւ Սուրիոյ ժողովուրդին ու սուրիահայութեան համար: Առաւօտեան վաղ ժամերուն սկսած ու իր ուժգնութեամբ եւ երկարատեւութեամբ վերջին յիսուն տարիներուն Սուրիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ համարուած երկրաշարժը ոչ միայն աւերներ գործեց, կեանքեր խլեց, այլեւ ահ ու սարսափի մատնեց ժողովուրդը:

Բնութեան հարուածը այնքան ուժեղ էր, իսկ շարունակուող յետցնցումները` այնքան յաճախակի, որ մարդիկ օրեր շարունակ չկրցան յաղթահարել երկրաշարժին յառաջացուցած վախն ու կորուստներուն ցաւը:

Երկրաշարժէն առաւելաբար տուժեցին Սուրիոյ Հալէպ, Լաթաքիա, Համա եւ Իտլիպ նահանգները: Փուլ եկան շէնքեր, քարուքանդ եղան կառոյցներ, բնակարաններու մեծ թիւ մը լուրջ վնասներ կրեց, ու շատեր անօթեւան մնացին:

Սուրիոյ ժողովուրդը տակաւին չէր թօթափած տասներեք տարիներու վրայ երկարող պատերազմին ապահովական, ընկերային, յատկապէս տնտեսական հետեւանքները: Սղաճը, կենցաղային պայմաններու վատթարացումը, սուրիական լիրային անկումը յաղթահարելու համար, սուրիահայութիւնը իր կարելի բոլոր միջոցներով կը տոկար ու կը գոյատեւէր, պահելով իր ազգային ու միութենական կենսունակութիւնը, կրթամշակութային կեանքի վերաորակաւորման ծրագիրներ մշակելով եւ պատերազմի պատճառով իր վնասուած կառոյցներն ու բնակարանները վերականգնելով: Ու վրայ հասաւ երկրաշարժը` իր աղէտալի հետեւանքները եւս կուտակելով համայնքին ու բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ:

Երկրաշարժի յաջորդող ժամերուն, սակայն, համայնքի պատասխանատու մարմիններն ու երիտասարդները զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց կարելիութիւններն ու փութացին աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան:

Երկրաշարժէն առաւելաբար վնասուած քաղաքներուն մէջ առաւելաբար կեդրոնացած է սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը:

Ուստի Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ ազգային մարմինները առաջին հերթին բաց պահեցին ակումբները, եկեղեցիներն ու ժողովրդային տուները, որպէսզի այդ կեդրոններուն մէջ ապաստանին մեր ժողովուրդի զաւակները: Այդ կեդրոններէն ներս ապահովուեցան կենցաղային բոլոր պայմանները` սնունդ, ջեռուցում, ելեկտրականութիւն, կեցութեան այլ յարմարութիւններ եւ այլն:

Գնահատելի աշխատանք տարին մեր ակումբներու երիտասարդները, պահակ տղաքը, որոնք գիշեր-ցերեկ հսկեցին ապաստանեալ ժողովուրդին, հոգացին անոր կարիքները եւ անհրաժեշտութեան պարագային հիւանդանոց հասցուցին վատառողջ ապաստանեալներ:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին ապաստարաններ այցելութիւնը գօտեպնդեց համայնքի զաւակները:

Ցաւօք համայնքի զաւակներէն երկուքը զոհուեցան երկրաշարժի առաջին վայրկեաններուն, տասնեակ մը վիրաւորներ հիւանդանոց տեղափոխուեցան, ու երկրաշարժի յետցնցումներուն վախազդու տագնապը շարունակուեցաւ յառաջիկայ օրերուն եւս:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը, գումարելով Ազգ. երեսփոխանական արտակարգ ժողով մը, տագնապի յաղթահարման առաջնահերթութիւնները ճշդեց: Յառաջացաւ Բերիոյ հայոց թեմի Երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմին մը, որ յառաջացուց համապատասխան յանձնախումբեր. մէկը` ցանկագրելու վնասուած բնակարաններ ունեցող համայնքի զաւակներուն դիմումնագրերը, միւսը մասնագէտ երկրաչափներէ բաղկացած` հետախուզական աշխատանք տանելու եւ ստուգելու վնասուած բնակարանները, իսկ վերջինը` ցանկագրելու համայնքին կրած նիւթական եւ մարդկային վնասները:

Վնասուած բնակարաններու ցանկագրման դիմումներ ընդունեց նաեւ Հայ բարեգործական ընդհ. միութիւնը:

Բնակարաններուն կողքին, վնասուած էին նաեւ ազգային շարք մը կառոյցներ եւ եկեղեցիներ, որոնք եւս վերանորոգման կը կարօտին:

Համայնքի զաւակներուն ապրած այս ծանր օրերուն գօտեպնդիչ ազդակ հանդիսացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական եւ զօրակցական այցելութիւնը Հալէպ: Հովուապետը իր շքախումբով ժամանած էր` մխիթարելու սուրիահայութիւնը, մօտէն տեղեկանալու արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական վնասներու տարողութեան, պատրաստակամութիւն յայտնելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն, կառոյցներուն եւ մարմիններուն անունով սատար կանգնելու սուրիահայութեան, ապա նաեւ համայն հայութեան կոչ ուղղելով` օգնութեան ձեռք մեկնելու Սուրիոյ, մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան, որպէսզի այս աղէտը եւս յաղթահարէ ու վերականգնելով` շարունակէ իր կեանքը ծաղկեցնել:

Նորին սրբութիւնը Հալէպի մէջ, լրատուամիջոցներուն դիմաց, կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին` վերջ տալու Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն եւ կարելի փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդի անհրաժեշտ կարիքներուն:

Ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ սուրիահայ համայնքին անհրաժեշտ է ուժերու գերլարում եւ միասնակամութիւն` ծրագրեալ աշխատանքով կարենալ յաղթահարելու այս աղէտը, անկոտրում կամքով վերականգնելու համայնքը եւ յոյսի նոր հորիզոններ առաջնորդելու համայնքի զաւակները:

Բնութեան յառաջացուցած այս աղէտին հետեւանքները հաւանաբար պիտի երկարին ամիսներու վրայ: Տնտեսականին կողքին, յատկապէս համայնքի զաւակներուն հոգեկան տագնապի յաղթահարումը ժամանակի պիտի կարօտի անկասկած, սակայն աշխատանքն ու իրատես լուծումներով հարցերու դիմագրաւումը կրնան ուղենիշ դառնալ բարւոք օրերու` յատկապէս երկրին դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու մասամբ մեղմացման հաւանականութիւնը նկատի ունենալով:

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Թրքական Ընտրութիւններ. Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան Եղափոխութիւնը Դէպի Կեդրոն-Ձախ

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.