Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Ձեզմով Հպարտ Եւ Ուրախ Ենք: Դուք Որքան Ներկայութիւն Դառնաք Մեր Ազգի Կեանքէն Ներս, Մեր Ազգը Եւ Եկեղեցին Աւելի Կը Զօրանայ» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 20, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ՀՅԴ Լիբանանի
Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակի Մեկնարկ

 ՀՅԴ Լիբանանի պատենական միութիւններու 100-ամեակի մեկնարկը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն: Շաբաթ, 18 փետրուար 2023-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիները, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ վարիչներուն հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին հետ:

Հաւաքին սկիզբը խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, որ նշեց, թէ իրերայաջորդ սերունդներ կերտած պատանեկան միութիւններու 100-ամեայ երթը ունեցաւ լաւ ու վատ օրեր, դիմագրաւեց դժուար պայմաններ, ինչպէս նաեւ արձանագրեց փառքի օրեր, սակայն միշտ անոր դաստիարակչական տեսլականը մնաց նոյնը` կերտել հայ մարդը եւ ազգին ու դատին ծառայող դաշնակցականը:

Զարեհ Պոյաճեան ըսաւ, թէ պատահական չէ, որ իր առաջին ժողովը վանքի բակին մէջ գումարած միութեան մը 100-ամեակի մեկնարկը յայտարարուի կաթողիկոսարանէն` ազգը միաւորող այդ սուրբ վեհարանէն: Ան վեհափառ հայրապետին վստահեցուց, որ` «ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մինչեւ ազատ, անկախ, միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի մեր երազի իրականացումը»:

Այս առիթով պատանիներուն իր պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ. «Մենք ձեզմով հպարտ ենք ու ուրախ ենք, եւ որքան շատնայ ձեր թիւը, եւ որքան ներկայութիւն դառնաք մեր կեանքին մէջ, մեր ազգը եւ եկեղեցին աւելի կը զօրանայ»:

«Մենք ինքնութիւն ունինք, մեր արժէքներով ու իտէալներով տարբեր ենք այլ ազգերէ, եւ վստահ եմ, որ պատանեկան միութիւններուն մէջ այս բոլորին մասին կը խօսուի եւ կը քննուի», նշեց կաթողիկոսը, ապա հաստատեց.  «Այսօր մենք ունինք պատմական Հայաստանէն բաժին մը` փոքր Հայաստան մը, բայց մենք կը ձգտինք եւ կը պայքարինք մեծ Հայաստանին համար, որովհետեւ հայրենիքը կ՛ուզենք մեր իտէալին պատկերով տեսնել, այլ խօսքով` տեսնել «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ»:

Վեհափառը նշեց, որ «Թռնչոց բոյն»-ը Ցեղասպանութեան որբերու զարթօնքի կեդրոնն էր, ուրկէ նաեւ սկիզբ առած են պատանեկան միութիւնները, եւ այս պատկերը կը հաստատէ Հայ դատի, եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու միախառնուած ըլլալու իրողութիւնը` միութեան գաղափարը: Արամ Ա. կաթողիկոս մաղթեց, որ պատանեկան միութիւնը ծաւալէ իր աշխատանքները, թիւը բազմանայ, եւ առաքելութիւնը նոր թափով շարունակէ:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ առաջին հերթին պատանիներուն ըսաւ.  «Դուք դարաւոր պատմութեան զաւակներն էք, եւ ձեր ճիտին պարտքն է այդ ազգին գոյատեւումը ապահովել: Դիւրին է գործ աշխատիլ, դրամ շահիլ եւ ոչ մէկ հետք ձգել, բայց արեան կանչին ականջ դնելով` պատանեկան միութիւնները երկրորդ դպրոցի վերածուած են, եւ այդ ձեւով դուք ձեր ժողովուրդի ծառայութեան ուղիին կը հետեւիք»: Ապա ան նշեց, որ ժողովուրդին հանդէպ հաւատքը դրոշմուած է մեր քրիստոնեայ դիմագիծի եւ Հայ եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալու իրականութեան մէջ. «Ազգային է մեր եկեղեցին, որուն հաւատարիմ հետեւորդներն ենք,  եւ որ դարեր ազգին գոյութիւնը պահպանած է: Ձեր հոս հաւաքուիլը այդ հաւատքը վերանորոգելու համար է, որովհետեւ կարելի չէ բաժնել եկեղեցին ազգէն, եւ կարելի չէ այդ սրբութիւնը անջատել մեր հայրենասիրութենէն»:

Ողջունելով վեհափառ հայրապետին զօրակցութիւնը` Բագրատունի ըսաւ. «Մենք բոլորս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պահակներն ենք: Կաթողիկոսութիւնը այն ամրոցն է, որ Սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու պայքարին մէջ հիմնական դերը ստանձնած է, եւ մենք բոլորս այս Աթոռին հաւատարիմ ծառաները ըլլալով` գիտենք, որ կաթողիկոսարանը մեր տունն է, եւ ամէն մարդ իր տունը ամուր պահելու ճիգին մէջ է»:

Պատանեկան միութիւններու հարիւրամեակի մեկնարկի աւարտին, վեհափառ հայրապետին ընկերակցութեամբ, դաշնակցական պատանիները երգեցին շարք մը ազգային-յեղափոխական երգեր:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Սապիլ` 0-1

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.