Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ Անսարի դաշտին վրայ մրցեցաւ Սապիլ խումբին դէմ:
Նախքան մրցումը սկսիլը, ՀՄԸՄ (որ մրցում մը նուազ կատարած է) իր կատարած նախորդ մրցումներուն ընթացքին արձանագրած էր երկու յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը, մինչ մրցակից կազմը արձանագրած հաւասարութիւն մը եւ կրած երեք պարտութիւն:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0), որ 82-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց իր կոլը:
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ կրէ տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, մինչ մրցակից կազմը արձանագրէ տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 56-րդ վայրկեանին Ալի Խազաալ կարմիր քարտ մը ստացաւ: