Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Ազրպէյճանին Ուղարկած Է Խաղաղութեան Պայմանագիրի Շուրջ Իր Առաջարկները

February 18, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան 15 փետրուարին աւարտած  է աշխատանքները եւ ազրպէյճանական կողմին  ուղարկած խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ իր առաջարկները: Այդ առաջարկները ուղարկուած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան 16 փետրուարի նիստին:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը երէկ աւարտած է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման պայմանագիրի նախագիծի հերթական փուլի աշխատանքները, եւ մեր առաջարկները ուղարկուած են ազրպէյճանական կողմին: Առաջարկներ ըսելով` պէտք է նկատի ունենալ ամբողջական փաստաթուղթի նախագիծը` մեր առաջարկներով: Փաստաթուղթը ուղարկած ենք նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն», ըսաւ Փաշինեան:

Ըստ Փաշինեանի, հայկական կողմը նախագիծին վրայ կ՛աշխատի հետեւեալ տրամաբանութեամբ` ստանալ փաստաթուղթ մը, որ որեւէ պահու պատրաստ է ստորագրել: Փաշինեան աւելցուց, թէ հասկնալի է, ի հարկէ, որ այդ փաստաթուղթը պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ազրպէյճանի համար:

«Եւ մենք յոյս ունինք, որ արդէն 3 փուլ անցած բանակցութիւններուն հիմամբ նկատուած որոշակի յառաջընթացը կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել: Մեր տեսլականը հետեւեալն է` փաստաթուղթը պէտք է պարունակէ պայմանաւորուածութիւններու այնպիսի տրամաբանութիւն, հակակշիռներու եւ զսպումներու այնպիսի գործուն համակարգ, որ կը բացառէ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան խաթարման որեւէ բեմագրութիւն: Ասոր իմաստը այն է, որ փաստաթուղթի ստորագրումը ոչ թէ պէտք է վերակերպուի պատերազմի` արդէն խաղաղութեան պայմանագիրի հիման վրայ (սա անհեթեթ կը հնչէ, բայց կրնայ ըլլալ նաեւ այսպիսի բեմագրութիւն), այլ ընդհակառակն` իսկապէս նշանակէ տեւական խաղաղութիւն», ընդգծեց Փաշինեան:

Փաշինեանը կրկին արտայայտեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ անձամբ իր յանձնառութիւնը` օր առաջ ստորագրելու խաղաղութեան հաստատման այնպիսի պայմանագիր, որ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան երաշխիք պիտի դառնայ: Փաշինեան ընդգծեց, որ պատրաստ է կրելու այդպիսի պատասխանատուութիւն:

Նախորդը

«Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Ուղարկումը Կրնայ Խոչընդոտել Երեւան-Պաքու Կարգաւորումը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահը

Յաջորդը

Փաթել. «Կ՛ողջունենք Որեւէ Ջանք, Որ Պիտի Օգնէ Հասնիլ Հարաւային Կովկասի Մէջ Կայուն Խաղաղութեան»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.