Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրաշարժի Լիբանանցի Զոհերու Եւ Փրկուածներու Լուրերուն Զուգահեռ Երկրին Տագնապները Աւելի Եւս Կը Սրին

February 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան եւ Սուրիան հարուածած երկրաշարժին, տակաւին արձանագրուող յետցնցումներուն, զոյգ երկիրներուն մէջ որոնողական աշխատանքներու շարունակութեան եւ մարդկային ահաւոր այս աղէտին լուրերը տակաւին կը մնան տիրական Լիբանանի մէջ, որ իր բաժին ցնցումը կրած էր եւ հրաշքով փրկուած հսկայ աղէտէ մը:

Թուրքիոյ մէջ լիբանանցի քաղաքացիներու որոնողական աշխատանքները եւս կը շարունակուին, սակայն աւելի տկար թափով, իսկ երկրաշարժի գօտիին մէջ գտնուող լիբանանցիներուն մասին պաշտօնական լուրերը բաւական քիչ են եւ ցիր ու ցան:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ հաստատուեցաւ, որ Թրիփոլիէն լիբանանցի ընտանիքի մը անդամները Անտիոքի մէջ մահացած են: Ընտանիքին հայրը` Իպրահիմ Խալաֆ, մայրը` Ալիա Մարուք եւ զաւակները` Մոհամետ, Օմար եւ Տենիզ Խալաֆ, բոլորին դիակները դուրս բերած են Սամանտաղ շրջանին մէջ գտնուող անոնց փուլ եկած բնակարանին տակէն:

Իսկ լիբանանցի քաղաքացիներ Էլիաս Հատտատի եւ Մոհամետ Մոհամետի որոնողական աշխատանքներուն մասին ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է:

Այս իրավիճակին զուգահեռ, անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան հասան իտալական զոյգ օդանաւեր, որոնք սուրիացի ժողովուրդին համար մարդասիրական օժանդակութիւն բերած էին: Անոնք Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցան Սուրիա:

Մինչ երկրաշարժն ու անոր հետեւանքները կը շարունակեն լեցնել Լիբանանի առօրեան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  այսօր Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը գումարելու հեռանկարները:

Կը նախատեսուի, որ օրէնսդրական նիստը կը միտի քննարկել քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը, ինչպէս նաեւ երկարաձգել Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօրավար Ապպաս Իպրահիմի նստաշրջանի երկարաձգումը` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛աւարտի 3 մարտ 2023-ին:

Այս առումով խորհրդարանի անդամ 46 երեսփոխաններ, որոնց շարքին` փոփոխութեան երեսփոխանները, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ անկախ երեսփոխաններ մերժեցին մասնակցիլ խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստին` հաստատելով, որ սահմանադրութեան թիւ 75 յօդուածին համաձայն, խորհրդարանը ընտրական խորհուրդի վերածուած է` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու եւ ոչ թէ օրէնսդրական որեւէ աշխատանք կատարելու:

Նշենք, որ կրթական մարզը յուզող հարցերը տակաւին կը յամենան, եւ հակառակ կառավարութեան գումարած նիստին` գոհացում տալու պետական դպրոցներու ուսուցիչներու պահանջներուն, տակաւին կարելի չէ եղած շօշափելի լուծումներ իրագործել, հետեւաբար պետական դպրոցներուն հետ պայմանագիր ստորագրած բոլոր ուսուցիչները կը շարունակեն իրենց յայտարարած գործադուլը:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Փարիզի մէջ անցեալ երկուշաբթի օր կայացած Լիբանանի բարեկամ երկիրներու խորհրդաժողովը մնաց շուքի տակ, եւ անկէ ոչ մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն բխեցաւ, նկատի ունենալով խորհրդաժողովին ընթացքին արձանագրուած անհամաձայնութիւնները: Կը նախատեսուէր, որ Փարիզի խորհրդաժողովին քննարկուէին Լիբանանի հանրապետութեան յաջորդ նախագահի ընտրութիւնն ու անոր ունենալիք չափանիշները:

Այս շրջագիծին մէջ Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի դեսպանները ժամադրութիւն խնդրած են հանդիպելու Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր յայտնելու Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները: Հանդիպումէն կրնայ բացակայիլ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը, որ երկրին մէջ չի գտնուիր:

Դեսպանները կրնան այցելել եւ խորհրդաժողովի մթնոլորտին ու մանրամասնութիւններուն մասին տեղեակ պահել նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Միւս կողմէ, Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին մօտէն հետապնդեց դրամատուներու գործադուլին հարցը` շեշտելով, որ ինք բազմաթիւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի կատարէ` լուծելու համար դրամատուներուն կողմէ յայտարարուած գործադուլին հարցը:

Դրամատուներու միութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Խալաֆ յայտնեց, որ դրամատուներն ու քաղաքացիները մէկ նաւու վրայ կը գտնուին, հակառակ այն իրողութեան, որ ոմանք նշեալ զոյգ կողմերը իրարու դէմ լարել կը ջանան:

Վստահելի աղբիւրներ նկատել տուին, որ Դրամատուներու միութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ամբողջական փակումի իր որոշումը` ապահովելու համար քաղաքացիներուն եւ հաշիւ ունեցողներուն շահերը:

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Սինիորան Եւ Մաշնուքը

Յաջորդը

Երկրաշարժին Հետեւանքով Ալեքսանտրէթի Մէջ Հայ Ընտանիքի 3 Անդամներ Զոհուած Են

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.