Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու յայտարարութիւնները հիմք կը հանդիսանան Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Այս մասին ռուսական «Նիուզ» կայքի հարցումին պատասխանելով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան ընդգծած է, որ պէտք չէ ըլլան այլ ձեւաչափեր, որոնք կրնան խաթարել եռակողմ համաձայնութիւնները: Ան այսպէս մեկնաբանած է Հայաստանի ղեկավարութեան շահագրգռուածութիւնը Պաքու-Երեւան-Թիֆլիս համագործակցութեան նոր ձեւաչափ սկսելու հարցին մէջ:
«Եթէ Պաքու-Երեւան-Թիֆլիս եռակողմ երկխօսութիւնը կը նպաստէ Անդրկովկասի մէջ հակասութիւններու կարգաւորման, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, ապա մեզի կը մնայ միայն ողջունել զայն: Սակայն, եթէ այս նախաձեռնութեան ետին տեսանելի են Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի ուրուագիծերը, որոնք կը ձգտին խաթարել Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնութիւնները, ապա ասիկա բոլորովին այլ պատմութիւն է: Ճիշդ այդ համաձայնագիրները հիմք կը հանդիսանան Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», ըսած է Զախարովա:
Ան ընդգծած է, որ իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի մասնակցելու այն միջազգային ձեւաչափերուն, որոնք կը համապատասխանեն իր շահերուն, ուղղուած չեն երրորդ երկիրներու դէմ եւ հաշուի կ՛առնեն ուժերու ներկայ հաւասարակշռութիւնը: Սակայն միեւնոյն ժամանակ ան յիշեցուցած է, որ Անդրկովկասի մէջ արդէն կայ «3+3» խորհրդատուական շրջանային հարթակ, որ կը ներառէ երեք անդրկովկասեան պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը:


