Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»

February 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ես մինչեւ հիմա չեմ յիշեր, որ որեւէ ժամանակ ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը այսքան տրամագծօրէն տարբեր մօտեցումներ ունենան, մասնաւորապէս արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ», Ազգային Ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:

«Որեւէ երկիր դուրսը երբ կ՛աշխատի պէտք է համակարգուած աշխատի, եւ ատիկա կարելի է, եթէ մենք առնուազն նոյն ուղղութեան մէջ ենք, եթէ տարբեր ուղղութիւններու մէջ ենք, ատիկա չի յաջողիր, կա՛մ պէտք է ընդդիմութիւնը լուռ համաձայնութեամբ հետեւի, թէ ի՛նչ կ՛ընէ իշխանութիւնը, կա՛մ պէտք է հակադրուի անոր, ինչ որ կը յառաջացնէ իսկապէս լուրջ հարցեր երկրին համար», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, եթէ չփոխենք վիճակը, ապա այդ խզումը հետզհետէ պիտի խորանայ:

«Խզման հիմքին մէջ ինկած է այն, որ դժբախտաբար իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ ստեղծուած են տարամիտող մօտեցումներ, զորս  կարելի չ՛ըլլար իսկապէս որեւէ ձեւով համադրել: Իսկ ատիկա տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ այդ խզումը նախ եւ առաջ մեծամասնութեան մէջ է: Մեծամասնութիւնը իշխանութեան եկած է խոստումով մը, բայց կ՛իրականացնէ բոլորովին այլ ծրագիր` մանաւանդ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասով», նշեց ընդդիմադիր գործիչը:

Պատգամաւորը նշեց, որ մենք ունինք շարք մը գլխաւոր առաջնահերթութիւններ` Արցախի խնդիր, հայ-թրքական յարաբերութիւններ, շրջանային խնդիրներ, ներգործընկերային յարաբերութիւններ:

«Այդ խնդիրները լուծելու համար խորհրդարանը ուրոյն դեր ունի: Մենք պէտք է խորհրդարանական դիւանագիտութեամբ աւելի կարծր պաշտպանենք մեր դիրքորոշումները: Բայց մենք ի՞նչ կարծրութեան մասին կրնանք խօսիլ: Նախ մեր խորհրդարանական յանձնախումբի աշխատանքը մէկ տարուան ընթացքին կարելի է մատներու վրայ հաշուել, թէ քանի՛ նիստ ըրած ենք, իսկ անոնց գրեթէ 80 տոկոսը եղած է այն պատճառով, որ ընդդիմութիւնը տարբեր նիւթերով նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է` մասնաւորապէս Արցախի հետ կապուած: Եթէ այդ ալ չունենայինք, ապա անհասկնալի է, թէ այս գործունէութիւնը ինչ կ՛ընէր խորհրդարանական դիւանագիտութեան առումով», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի Խաղաղապահներ Ուղարկելու Գաղափարը Իրատեսական Չէ»

Յաջորդը

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

RelatedPosts

Տաւուշի Կողմէ Սահմանը Հատած  Ազրպէյճանցին Վերադարձուած Է Պաքու
Հայկական

Տաւուշի Կողմէ Սահմանը Հատած Ազրպէյճանցին Վերադարձուած Է Պաքու

October 28, 2026
Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.