Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Արգելք Պիտի Չըլլան «Այլ Կողմերու»` Սուրիոյ Կառավարութեան Ճամբով Օժանդակութեան Տրամադրման

February 9, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեցին. «Այլ կողմերու` Սուրիոյ կառավարութեան ճամբով օժանդակութեան տրամադրման արգելք պիտի չըլլանք»:

Նախարարութենէն «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնած են, որ իրենք աշխատանք կը տանին սուրիացի ժողովուրդին անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու, եւ օժանդակութիւններու մատակարարման համար համակարգում կը կատարեն Սուրիոյ մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ կ՛աշխատի երկրաշարժէն վնասուածներուն օժանդակութիւն հասցնելու համար` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն Սուրիոյ կառավարութեան հետ որեւէ կապ ունենալ:

«Այդ գումարները անշուշտ սուրիացի ժողովուրդին պիտի երթան եւ ոչ թէ վարչակարգին», շեշտեց Պլինքըն:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան գործակալութեան (Եու. Էս. Էյտ) գործողութիւններու ղեկավար Սթիւըն Ալըն Անգարայի մէջ յայտարարած էր. «Մեր մարդասիրական ջանքերը այժմ ուղղուած են դէպի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը»:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը բարձրացաւ 3330-ի, իսկ վիրաւորներունը` 5085-ի, իսկ Թուրքիոյ մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 9057-ի, իսկ վիրաւորներունը` 52.979-ի: Թուրքիոյ կենսոլորտի նախարարը երէկ հաղորդեց, որ միայն Այնթապի շրջանին մէջ 900 շէնք քանդուած է:

Նշենք նաեւ, որ երէկ Պոլսոյ սակարանի աշխատանքը 24 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով առկախուեցաւ` արժետոմսերու մեծածաւալ վաճառքի արձանագրման պատճառով:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժին պատճառով շուրջ 300 հազար անձ ներքին գաղթական դարձած է:

Նախորդը

Թուրքիա Մերժած Է Կիպրոսի Օգնութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.