Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 6-րդ անգամ ըլլալով ստացաւ «Ոսկի Սամպա» մրցանակը, որ կը տրուի Եւրոպայի մէջ ելոյթ ունեցող լաւագոյն պրազիլցի ֆութպոլիստին:
31 տարեկան ֆութպոլիստը նախապէս այս մրցանակը ստացած էր 2014-ին,
2015-ին, 2017-ին, 2020-ին եւ 2021-ին:
Նշենք, որ «Ոսկի Սամպա» մրցանակը կը տրուի 2008-էն ի վեր, «Սամպաֆութ» ամսագիրին կողմէ:
Ընթացիկ տարեշրջանին, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահը փարիզեան ակումբին հետ իր կատարած 25 մրցումին ընթացքին ցարդ նշանակած է 17 կոլ եւ կատարած 15 էսիսթ:


