Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան. «Հայաստանը Խաղաղութեան Պայմանագիրի Վերաբերեալ Հերթական Առաջարկը Ստացած Է Ազրպէյճանէն»

February 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան արձագանգած է խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկներուն: «Երեւան ստացած է Պաքուի պատասխանը եւ այժմ կ՛աշխատի անոր վրայ», երէկ Պերլինի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

«Քանի մը օր առաջ ստացած ենք ազրպէյճանական հերթական արձագանգը եւ առաջարկները: Ես կը կրկնեմ` սա շարունակական գործընթաց է, եւ մենք կը շարունակենք աշխատիլ բնագիրի վրայ` քանի մը փուլերով փոխանակելով առաջարկներ եւ շարունակելով քննարկումը», նշեց նախարարը:

Արարատ Միրզոյեան չյստակացուց, թէ ի՛նչ գրուած է Պաքուէն ուղարկուած փաստաթուղթին մէջ, արդեօք ազրպէյճանական արձագանգը ընդունելի՞ է Հայաստանի համար, եւ ինչպէ՛ս Երեւանը ատոր պիտի պատասխանէ: Յայտնի է միայն, որ հայկական կողմը սեփական առաջարկները Պաքուին Մոսկուայի միջոցով փոխանցած էր շաբաթներ առաջ: Անոնց մանրամասնութիւնները եւս յայտնի չեն, Միրզոյեան հրաժարած էր բանալ փակագիծերը` շաբաթներ առաջ ելոյթ ունենալով խորհրդարանին մէջ: Երէկուան ասուլիսին ալ աւելին չըսաւ, միայն ընդգծեց, որ հակառակ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կանգ չէ առած, բանակցութիւնները կը շարունակուին:

«Հայաստանը հաստատակամօրէն ներգրաւուած է այս բանակցութիւններուն մէջ, եւ մենք նպատակ ունինք շարունակել մեր աշխուժ ջանքերը մեր շրջանին մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն կառուցելու գործին մէջ», ընդգծեց Միրզոյեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Ընդհանուր Դատախազը Սէյրան Օհանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Իրականացնելու Գծով Երեք Միջնորդութիւն Ներկայացուց

Յաջորդը

Քանի Մը Տողով…

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.