«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հաղորդումով, Թուրքիան շրջանցած է Մոսկուայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ ամերիկեան արտադրութեան ելեկտրոնային սարքեր, պահեստամասեր ու այլ ապրանք վաճառած Ռուսիոյ: Այդ արտադրութեան մէկ մասին պատուիրատուն Ռուսիոյ բանակն է:
Ըստ ամերիկեան օրաթերթին, առնուազն 13 թրքական ընկերութիւններ Ռուսիոյ շուկայ հասցուցած են առնուազն 18 միլիոն 500 հազար տոլարի ռետինէ արտադրանք, տարատեսակ փոխադրամիջոցներ եւ այլ ապրանքներ:
Օրաթերթը բացայայտած է, որ արտադրութիւնը հետագային գնած են Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումին հետ առնչութիւն ունենալնուն համար պատժամիջոցներու տակ գտնուող առնուազն 10 ռուսական ընկերութիւններ:
Թրքական ընկերութիւնները, խախտելով ամերիկեան արտածման հսկողութեան կանոնները, 2022 թուականի մարտէն հոկտեմբեր Ռուսիա ուղարկած են 15 միլիոն տոլարի հասնող ամերիկեան արտադրութիւն, ներառեալ վերելակներ, ելեկտրածին ու համակարգչային սարքեր:
Թրքական արտադրութիւն ստացած ռուսական ընկերութիւններու շարքին են «Մարտավարական հրթիռներ» ընկերութեան դուստր-ձեռնարկութիւն մը, որ սարքաւորումներ կ՛արտադրէ ռուսական զինուորական նաւատորմիղի համար, եւ հրացաններ արտադրող «Փրոմթեխնոլոկիա» ընկերութիւնը:
Երկուքն ալ կը գտնուին պատժամիջոցներու ցանկին վրայ:


