18 օգոստոս 2021-ին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ անոր կիպրացի պաշտօնակիցին` զօր. Տիմոքրիթոս Զերվաքիսի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին իբրեւ շարունակութիւն, երէկ Կիպրոսի մէջ ստորագրուեցաւ այլ համաձայնագիր մը` լիբանանեան եւ կիպրական բանակներուն միջեւ գործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման նպատակով:
Այս նպատակով Նիկոսիա մեկնեցաւ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ գնդապետ-զօրավար Եուսեֆ Հատտատ, որ կիպրացի իր պաշտօնակիցին` Լուքաս Հաճիքոնսթանթասի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերէր զինուորական կարգ մը ռազմափորձերու, ծովային եւ օդային միացեալ զինուորական գործողութիւններու, ծովուն մէջ զետեղուած նաւթահորերու պեղման հարթակները պաշտպանելու յատուկ փորձերու:


