ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 63.900 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.187.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.215.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.225.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 752.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Մախզումի շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի հետ: Քննարկուեցան կրթական մարզը յուզող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հալապի շեշտեց, որ պետական դպրոցներուն շարունակուող գործադուլը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանին եւ սեփական մարզի դպրոցներուն կողմէ եւս գործադուլ մը սկսելու զգուշացումները կրնան երկրին կրթական համակարգը տապալել:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Իվօ Ֆերկըսընը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան հետ լիբանանեան իշխանութիւններուն գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի ջանքերուն ձախողութեան մասին յայտարարութիւնները չափազանցուած են:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուիի, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու սահմանադրական գործընթացները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ֆատի Ալամէ շեշտեց, որ կրթական մարզին դիմագրաւած տագնապին լուծումը պէտք է առաջնահերթութիւն նկատել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը լիբանանեան բանակի հրամանատարը կ՛ընդունի իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:


