Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջափակման 52-րդ Օրը. Արցախի Մէջ Շրջափակման Տնտեսական Եւ Ընկերային Հետեւանքներու Մեղմացումին Ուղղուած Միջոցառումներ Պիտի Իրականացուին

February 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ 1 փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են շրջափակման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներու մեղմացման ուղղուած միջոցառումները:

«Մենք կը փորձենք առաւելագոյնս աջակցիլ, որպէսզի աշխատատեղերը պահպանուին: Ցաւօք, այս իրավիճակին մէջ շատերը կորսնցուցած են աշխատանքը: Մշակուած ծրագիրներուն միջոցով պիտի փորձենք ըստ կարելւոյն աջակցիլ թէ՛ տնտեսվարողներուն, թէ՛ ընկերային գետնի վրայ աւելի դժուար վիճակի մէջ յայտնուած քաղաքացիներուն», ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկացնէ պետական նախարարի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութիւնը, ըսած է Վարդանեան:

Միջոցառումներու մշակման աշխատանքային խումբի ղեկավար, պետական նախարարի խորհրդական Գրիգորի Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսուի իրականացնել չորս ծրագիր, որոնցմէ երկուքը ունին տնտեսական, երկուքը` ընկերային ուղղուածութիւն:

Տնտեսական ծրագիրները կը վերաբերին շրջափակման հետեւանքով  առաւելապէս տուժած ոլորտներուն եւ կը նախատեսեն աջակցութեան տրամադրում տնտեսվարողներուն եւ անհատ ձեռնարկատէրերուն: Ծրագիրներու նպատակն է նախ եւ առաջ պահպանել աշխատատեղերը, տնտեսվարողներուն աջակցիլ աշխատավարձերու վճարման ապահովման հարցին մէջ, իսկ անհատ ձեռնարկատէրերուն ամսական աջակցութիւն տրամադրել:

Ընկերային ծրագիրներէն առաջինը կը վերաբերի 12 դեկտեմբերէն մինչեւ 1 փետրուար  ինկած ժամանակահատուածին մէջ աշխատանքէ ազատ կացուցուած անձերուն: Եթէ ճգնաժամի պատճառով տնտեսվարողները ստիպուած եղած են երթալ գործէ արձակումներու եւ կրճատումներու, ապա այդ աշխատողներուն յունուար ամսուան համար նուազագոյն աշխատավարձի չափով աջակցութիւն պիտի տրամադրուի (եթէ աշխատավարձը եղած է այդ չափէն պակաս, ապա` այդ գումարը): Միւս ծրագիրը կը վերաբերի նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուած աշխատանք չունեցող անձերուն. իւրաքանչիւր երեխայի հաշուով  անոնց պիտի տրամադրուի  որոշակի գումարի չափով աջակցութիւն:

Պետական նախարարը ընդգծած է միջոցառումներու թափանցիկ եւ հասցէական իրականացման կարեւորութիւնը: Ան յանձնարարած է հաշուարկել նաեւ շրջափակման հետեւանքով տնտեսութեան կրած ընդհանուր վնասի չափը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ  կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային ոլորտներուն վերաբերող  հրատապ հարցեր:

Երէկ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման 52-րդ օրն էր: Շրջափակման պատճառով ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն 5103 մարդ կորսնցուցած է իր աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Դատապարտած Է Արցախի Մէջ Հայկական Մշակութային Արժէքներու Ոչնչացման Ուղղուած Ազրպէյճանի Շարունակական Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողներուն. «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով Եւ Նոր Բաժանորդագինով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.