Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Պիտի Տրամադրեն Մինչեւ 150 Քիլոմեթր Հեռահարութեամբ Հրթիռներ

February 2, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ մտադիր են մօտիկ ապագային Ուքրանիոյ տրամադրել մինչեւ 150 քիլոմեթր հեռահարութեամբ հրթիռներ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները:

Շուէտ-ամերիկեան նախագիծով պատրաստուած այս հրթիռները կ՛արձակուին նաեւ ՀԱՅՄԱՐՍ համակարգերէն եւ կրնան խոցել տասնեակ քիլոմեթրներ հեռաւորութեան վրայ շարժող թիրախները:

Մինչեւ հիմա ուքրանական բանակին ամերիկացիներու եւ այլ դաշնակիցներու կողմէ մատակարարուող հրթիռներու հեռահարութիւնը 80 քիլոմեթրէն քիչ մը աւելի էր: Անոնք եւս ՀԱՅՄԱՐՍ համակարգերու համար նախատեսուած հրթիռներ են:

Ուքրանիան երկար ժամանակ Միացեալ Նահանգներէն եւ դաշնակիցներէն կը պահանջէ մինչեւ 300 քիլոմեթր հեռահարութեամբ բարձր ճշգրտութեամբ ԱԹԱՔՄՍ հրթիռներ, որոնք կրնան արձակուիլ ՀԱՅՄԱՐՍ համակարգերէն: Արեւմտեան դաշնակիցները մինչեւ հիմա կը մերժէին նման զինատեսակներ տրամադրել, ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններով` որովհետեւ մտավախութիւն ունէին, թէ ուքրանացիները պիտի սկսին հարուածել Ռուսիոյ տարածքի խորքին մէջ գտնուող թիրախներ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել պատերազմի անվերահսկելի մագլցումի:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տուեալներով` 2,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական օգնութեան նոր թղթածրարի մասին պիտի յայտարարուի այս շաբաթ:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Կենսաթոշակային Տարիքը Բարձրացնելուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.