Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 25 տարեկան յետսապահ Արման Խաչատրեան միացաւ խումբին:
Խաչատրեան, որ Ուրարտուի սան է, նախապէս մաս կազմած է Արարատ-Արմենիայի, Վանի եւ Նորավանքի:
Նախապէս Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին մաս կազմած Խաչատրեան Ալաշկերտի միացաւ Նոայէն:


