«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ այս տարի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ թենիսի «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 11 մայիսին պիտի վերցնէ երկիր մուտք գործելու համար «Քովիտ-19»-ի դէմ պարտադիր պատուաստման օրէնքը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 35 տարեկան Ճոքովիչ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել մարտ-ապրիլին նախատեսուած «Ինտիըն Ուելզ»-ի եւ Մայեմիի «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքերուն, սակայն պիտի կարենայ մասնակցիլ տարուան վերջին կրան շլեմի` «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 օգոստոսէն 10 սեպտեմբեր:


