Քոսթառիքացի փորձառու բերդապահ Քէյլոր Նաւաս մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ անգլիական Նոթինկհամ Ֆորեսթին:
Ան այս տարեշրջանին ոչ մէկ մրցումի մասնակցեցաւ իր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ:
36 տարեկան բերդապահը, որ 2011-էն ի վեր հանդէս կու գայ Եւրոպայի մէջ, նախքան փարիզեան կազմին միանալը մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտին, Լեւանթէին, եւ Ալպասեթէին:


