Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին» Շեշտեց Պասիլ

January 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկրին կացութիւնը կարիքը ունի շարժումի եւ արտակարգ կեցուածքներու, որովհետեւ տիրող իրավիճակը մտահոգիչ է:

Պասիլ ընդգծեց, որ կայ կառավարութիւն մը, որ խորհրդարանի վստահութեան քուէ չունի, հետեւաբար օրինական չէ, ինչպէս նաեւ անկէ կը բացակայի հիմնական բաղադրիչ մը, հետեւաբար ան Ազգային ուխտին չի համապատասխաներ: «Վարչապետի պաշտօնակատարը երեք անգամ կը ստորագրէ կառավարութենէն բխած հրամանագիրը, ան կը ստորագրէ նաեւ հանրապետութեան նախագահին փոխարէն եւ կը հրապարակէ զայն` առանց մնացեալ նախարարներուն ստորագրութեան. ասիկա հրամանագիրն ու նախագահին լիազօրութիւնները կեղծելու համազօր է», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը կը շարունակէ կեղեքել երկիրը` աւելցնելով, որ երկրին ելեւմտական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական, հաստատութենական, դատական եւ օրինական մարզերու փլուզումին կողքին, տակաւին կան յայտարարութիւններ, որոնք վախազդու են եւ ահ ու սարսափ կը տարածեն` ապահովական կայունութեան խախտումին մասին:

Պասիլ նշեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը պաշտպանութեան ու հրապարակաւ հաշուետուութեան օրէնքները կը խախտէ եւ կը ջանայ բռնի ուժով տիրանալ պաշտպանութեան նախարարի լիազօրութիւններուն:

«Ան իր քմահաճոյքին վրայ հիմնուելով կը վարուի բանակին յատուկ օժանդակութեան ֆոնտին, ինչպէս նաեւ կալուածներուն հետ: Իսկ վարչապետը կը հրապարակէ ապօրինի որոշումներ, որոնցմէ վերջինը կը վերաբերի ընդհանուր տնօրէններուն իր տրամադրութեան տակ գտնուելուն», յայտնեց ան:

Պասիլ խորհրդակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` հաստատելով, որ այդ խորհրդակցութիւնները կրնան ըլլալ երկկողմանի կամ հաւաքական խորհրդակցութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ համախոհութեան եւ նախագահական ընտրութիւնը կատարելու: «Մեր ճիգերուն ձախողութեան պարագային լրջօրէն պիտի մտածեմ նախագահական ընտրութեան իմ թեկնածութիւնս առաջադրելու մասին, անկախ այն իրականութենէն, թէ կրնա՞մ յաղթել, թէ՞ ոչ: Թեկնածութիւնս պիտի առաջադրեմ հիմնուելով ճշգրիտ ներկայացուցչութեան չափանիշը ամբողջացնելու հիման վրայ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Պու Սաապ Մեկնեցաւ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.