Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 58.400 լ. ոսկի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Նահլէ գիւղին եւ Արսալի սահմանային շրջանին մէջ մաքսանենգողներու խումբ մը հալածելու ընթացքին զինեալ բախումներու դէմ յանդիման գտնուեցաւ յանցագործներու հետ: Բախումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ լիբանանցի մաքսանենգ մը: Նշենք, որ բանակը Հորթաալայի մէջ կատարեց ներխուժումներ` անցեալ ամիս Ժըպ Ժըննինի բանտէն փախուստ տուած արգելափակեալներ որոնելու նպատակով:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշէ, թէ ձերբակալած է թմրեցուցիչ մաքսանենգող ցանցի մը երկու անդամները, որոնք Լեռնալիբանանի եւ Մեթնի մէջ թմրեցուցիչ կը բաժնեն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն յարձակումը Ժենինի պաղեստինեան գաղթակայանին վրայ, ինչպէս նաեւ ողջունեց իրենց հողը պաշտպանելու պաղեստինցիներուն վճռականութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրելը կրնայ տարբերութիւն մը արձանագրել` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանումը չէզոքութեան կապուած է:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց բոլորին չարտօնելու, որ քաղաքականութիւնը վերջ տայ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր յանցագործ, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած է, պէտք է դատավարութեան ներկայանայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ իրենց նման չէ եւ իրենց հակառակ ուղղութեամբ կը գործէ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ ստեղծուած տագնապներուն հիմնական դրդապատճառը եւ Լիբանանի մէջ բոլոր մակարդակներուն վրայ արձանագրուած անկումին ու քայքայումին պատճառները ամերիկեան շրջափակումն ու պատժամիջոցներն են:

ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն մտավախութիւն յայտնեց, որ Լիբանան կրնայ ամբողջութեամբ քայքայուիլ եւ զետեղուիլ ՄԱԿ-ի 7-րդ յօդուածի շրջագիծին մէջ:

ՄԻՒՖԹԻ Ահմետ Քապալան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Թարեք Պիթար քանդումի պաշտօն ստանձնած անձնաւորութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ սադրանքներ նախապատրաստող արտաքին տարր մը, զոր պէտք է դատավարութեան ենթարկել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Իսրայէլի վերացման ժամը կը մօտենայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք Հըզպալլային առաջարկած է հանրապետութեան նախագահի երեք թեկնածուներու անուններ, որոնք են` բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, Ժիհատ Ազուրն ու Սալահ Հընէյնը: Ան աւելցուց, որ ինք պատրաստ է նաեւ այլ թեկնածուներու անուններ առաջարկելու` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ պէտք է ընտրել Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ երեսփոխան Միշել Մուաուատի միջեւ անձնաւորութիւն մը:

 

Նախորդը

Չելսի Ֆերնանտեզի Համար Կ՛առաջարկէ 100 Միլիոն Եւրօ

Յաջորդը

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքին Մրցումը` Աթէնքի Մէջ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.