Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դատական Թղթածրարներու Յանկարծակի Վերագործարկումը

January 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական-արդարադատական-ֆինանսական ուղղութիւններուն վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները անտեսանելի թելերով իրարու հետ ագուցուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն:

Նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարի քննութեան առկախումը, մետասաներորդ պահուն դատական ընթացքի վերագործարկումը, արդարադատութեան ոլորտին մէջ տիրող պառակտուածութիւնն ու համակարգի անդամալուծումը, առընթեր` քաղաքացիական շարժումներու վերայառնումի փորձերը, զուգորդուած լիբանանեան դրամանիշի անկումի կտրուկ արագակշռոյթ մրցանիշներ գրանցելով` քաոսի խորացման նոր ուղենիշներ կը փոխանցեն: Այս բոլորին զուգահեռ Լիբանան կը ժամանէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի արտերկրի հաշիւներու հետաքննութիւնը կատարող քննիչներու խումբը:

Նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարը ստանձնած դատաւորի ամբաստանագիրները կը շօշափեն ամէնէն բարձր առաստաղի վրայ գրուած անձնաւորութիւններու անուններ: Առանց վիճարկելու ապահովական  եւ իրաւապահական բարձրագոյն մարմիններու ղեկավարներու առնչութիւնը  կամ մեղադրանքը, նման իրաւական ընթացակարգ մը եւ անոր հետեւող վճիռները փաստօրէն կը ջլատեն արդէն իսկ պետական  անդամալոյծ համակարգի եւս երկու ոլորտ` ապահովական եւ իրաւապահ իշխանութիւններուն վերապահուած մարզերը:

Ի՞նչ արդիւնք կ՛ունենանք այդ պարագային: Նախագահական թափուր աթոռ, հրաժարած վարչապետ եւ կառավարութիւն, որուն պարագայական նիստերը կարեւոր հատուածի կողմէ կը նկատուին անվաւեր, մէկ օրակարգ իրականացնելու լիազօրութիւն ունեցող եւ չհամաձայնող խորհրդարան, Ֆինանսական առումով Կեդրոնական դրամատուն մը, որ փաստօրէն դադրած է իրականացնելէ այն նուազագոյն վերահսկողութիւնը, որ կը փորձէր` զսպելու համար լիբանանեան դրամանիշի անարգել արժեզրկումը, ջլատուած արդարադատական իշխանութիւն եւ նման վճիռներու գործադրութեան պարագային գլխատուած ապահովական ու իրաւական ոլորտներ:

Կը մնայ միայն բանակը, իբրեւ միաւոր, որ  պէտք է իրականացնէ պետութենէն ակնկալուած բոլոր գործառոյթները:

Ծովային սահմանազատման լիբանանեան համաձայնութիւնը կը թուէր, որ հանգուցալուծման գործընթացի կարեւոր ելակէտ պիտի նկատուէր: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ ուղղակի-անուղղակի խոստումներով երաշխաւորուող համաձայնութիւն մը, որուն դիմաց տնտեսական բարելաւումի յոյսեր կը փայփայուէին:

Լիբանանը չի  կրնար  սկսիլ իր ծովային տարածքներուն մէջ գտնուող ուժանիւթի պեղումին, արտահանումին եւ յանձանձումի գործընթացին: Չկայ վաւերականութիւն ունեցող գործադիր իշխանութիւն, որոշում կայացնելու իրաւականութիւն ապահոված կառավարութիւն եւ նախագահ:

Մինչ, ակնկալութիւններու, չըսելու համար նախապայմաններու քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան վերագործարկման վերաբերող  լուրը լոյս կը սփռէ իրադարձութիւններուն շարժառիթներուն վրայ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, անդրադառնալով դատաւոր Պիթարի կողմէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը վերսկսելու որոշումին, յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին եւ կոչ կ՛ուղղեն լիբանանեան իշխանութիւններուն շարունակելու հետաքննութիւնը, եւ արագ ու թափանցիկ կերպով վարուելու հետաքննութեան ընթացքին: Նմանատիպ յորդորով հանդէս եկած է նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը: Յիշենք նաեւ, որ նախապէս, խնդրոյ առարկայ դատաւորի լիազօրութիւններու կատարման եւ դադրեցման պահանջներու արանքին, Ուաշինկթընը ողջունած էր թղթածրարը ստանձնած դատաւորին խիզախութիւնը` երկրին մէջ արդարութիւն կիրարկելու անոր  նախանձախնդրութիւնը ընդգծելով:

Կը թուի, որ Լիբանանի դէմ կիրարկուող ճնշամիջոցներու թիրախին յայտնուած են ապահովական մարմինները: Նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութիւնը, ֆինանսական քաոսացումի տանող նոր տուեալները, արդարադատութեան եւ ընդհանրապէս պետական համակարգի պառակտուածութիւնը, քաղաքացիական անհնազանդութեան վերադրսեւորումները, անտեսանելի թելերով իրար ագուցուած ճնշումի գործօններ են, որոնց մասին բացայայտ յայտարարութիւններ հրապարակելու չեն վարանիր միջազգային գլխաւոր խաղցողները:

«Ա.»

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Միսաք Մանուշեան Դագաղը Պանթէո՞ն Պիտի Տեղափոխուի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.