
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս յաջորդ օրէնսդրական նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի Պաապտայէն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ Ատնան Քասսարի անուան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած արաբական առեւտրական եւ տնտեսական գրասենեակներու համադաշնակցութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին, որուն ընթացքին արտասանեց խօսք մը:
Նախագահ Սլէյման նշեց, որ այդ համադաշնակցութեան գոյութիւնը ազատութեամբ գործելու եւ ուրիշին նկատմամբ բացուելու քաղաքականութեան կը վերագրուի` աւելցնելով, որ երկրին մէջ արձանագրուող տնտեսական բարգաւաճումը ուղղակիօրէն առնչուած է ազատութեան եւ արդարութեան բարելաւման:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն ապահովելու արժանապատիւ կեանք մը` անոնց համար ապահովելով յարմար առիթներ եւ աշխատանքի լայն դաշտ մը:
«Արդիւնաբերութեան տարբեր մարզերը պէտք է միաւորել եւ աշխատանքի շուկային մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրել, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել աղքատութեան եւ անգործութեան, ինչպէս նաեւ բարգաւաճեցնել ելեւմուտքի արաբական շուկաները», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց շրջանային տագնապները լուծելու խաղաղ միջոցներով եւ ընկերային արդարութեան հաստատումով:


