Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիթար Վերսկսած Է Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Շարունակելու Իր Աշխատանքին

January 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար, որ աւելի քան տարի մը ետք վերսկսաւ իր հետաքննութիւնը շարունակելու աշխատանքին, ամբաստանած է Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ասաատ Թուֆայլին, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի անդամ Կրասիա Ազզին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթը, դատաւորներ Ղասսան Խուրին, Քարլա Շուուահը եւ Ժատ Մաալուֆը:

Պիթար ճշդեց նաեւ նախապէս ամբաստանուած անձնաւորութիւններուն դատավարութեան թուականները, որոնցմէ են` երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր եւ Նուհատ Մաշնուք` 6 փետրուարին, նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ` 8 փետրուարին, Թոնի Սալիպա եւ Ապպաս Իպրահիմ` 10 փետրուարին, Ասաատ Թուֆայլի եւ Կրասիա Ազզի` 13 փետրուարին, Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետեր Ժաուտաթ Օուէյտաթ եւ Քամիլ Տահեր` 15 փետրուարին, բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի` 17 փետրուարին, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ եւ դատաւոր Ղասսան Խուրի` 20 փետրուարին, եւ դատաւորներ Քարլա Շուուահ եւ Ժատ Մաալուֆ` 22 փետրուարին:

Պիթարի որոշումով Ղազի Զաայթերի, Նուհատ Մաշնուքի եւ Հասսան Տիապի կոչնագրերը փակցուեցան անոնց բնակարաններուն դռներուն վրայ:

Իր կարգին, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ Պիթարի կողմէ ազատ արձակման հրամանագիր ստացած արգելափակեալներու հարազատներուն եւ պաշտպան իրաւաբաններուն, որոնք ներկայացած էին Արդարութեան պալատ, յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը ազատ արձակման հրամանագիրը պիտի չվաւերացնէ:

Ան նշեց, որ օրէնքի հիման վրայ Պիթար իրաւունք չունի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետաքննութիւնը շարունակելու` աւելցնելով, որ ցարդ Պիթարի դէմ յարուցուած դատերէն ոչ մէկուն պարագային վճիռ արձակուած է:

Օուէյտաթ յայտնեց, որ եթէ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ նիստի հրաւիրուի, ապա պիտի սերտէ իր մասնակցութիւնը, որ ուղղակիօրէն առնչուած պիտի ըլլայ քննարկուելիք օրակարգին: «Եթէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն է միակ օրակարգը, ապա ներկայ պիտի չգտնուիմ այդ նիստին», ըսաւ ան:

Օուէյտաթ նշեց նաեւ, որ Պիթարի կողմէ հարցաքննուելու մասին իմացած է տեղեկատուութեան մարզէն` աւելցնելով, որ իրենք Պիթարի հետ պիտի վարուին այնպէս մը, որ ինք գոյութիւն չունի` այնպէս ինչպէս իրենք են` Պիթարի համար:

Նախկին ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ Պիթարի որոշումները ապօրինի են` աւելցնելով սակայն, որ կարելի է ազատ արձակումներու որոշումը վաւերացնել:

Մատի շեշտեց, որ պէտք է սպասել յառաջիկայ օրերու զարգացումներուն` աւելցնելով, որ ինք մտահոգ է այս իմաստով ստեղծուելիք քաոսի մը հաւանականութենէն:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն յայտնեց հետեւեալը. «Կը յիշեցնեմ, թէ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա ուղղուած է Արդարութեան պալատ եւ սպառնացած դատաւորներու: Այս մասին փաստեր կան, եւ բոլորը գիտեն, թէ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան միջազգայնացումը արգիլելու փորձեր կան, որովհետեւ հետաքննութեան ընթացքին բացայայտուելիք պատասխանատուութիւնները պիտի ուղղուին երկիրը ստանձնողներուն, այլ խօսքով` Հըզպալլայի դէմ»:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ պայթումին յաջորդող առաջին վայրկեանէն սկսեալ կան փորձեր այդ թղթածրարը փակելու, ինչպէս նաեւ կան փորձեր` վերացնելու պայթումին հետքերը, ինչպէս նաեւ արգելակելու դատական գործընթացն ու հոլովոյթը` ուղղակի ճնշումի ենթարկելով դատաւորները:

Ան գնահատեց Պիթարի կեցուածքները` հաստատելով, որ Պիթարի եւ կարգ մը այլ դատաւորներու նման քաջ դատաւորներ կան, որոնք կառչած կը մնան արդարութեան եւ նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներուն համար ճշմարտութիւնը բացայայտելու յանձնառութեան:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Պիթար օրէնքէն կը շեղի եւ արդարութիւն իրականացնելու օրակարգին ներքեւ քաոս կը տարածէ:

Ուահապ նկատել տուաւ, որ այս դատաւորին խենթութեան վտանգը այն է, որ ան երկրին քանդումը կ՛օրինականացնէ:

ՆՇԵՆՔ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, անդրադառնալով Պիթարի կողմէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը վերսկսելու որոշումին, յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին եւ կոչ կ՛ուղղեն լիբանանեան իշխանութիւններուն շարունակելու հետաքննութիւնը, եւ արագ ու թափանցիկ կերպով վարուելու հետաքննութեան ընթացքին:

«Օգոստոս 2020-ի զոհերը արդարութեան արժանի են, իսկ պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան կանչուին», ըսաւ Փրայս: Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն շարունակելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը` արագ եւ թափանցիկ կերպով:

 

Նախորդը

Միքաթիի Նախագահած Նիստին Ընթացքին Կ՛որոշուի Ելեկտրականութեան Ընկերութեան 42 Միլիոն Տոլար Տրամադրել

Յաջորդը

Բագրատունի Այցելեց Մշակոյթի Նախարար Մուրթատայի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.