Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը դրական պիտի ըլլայ Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ անիկա իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ երկրին վրայ, «հետեւաբար կը մաղթենք, որ նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուի», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար այցելեց վարչապետ Միքաթիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սեփական մարզին համար ճշդուած յաւելումներուն, փոխադրածախսին, ինչպէս նաեւ կրթական նպաստներուն եւ ընտանեկան հատուցումներուն վերաբերող որոշումները պետական պաշտօնաթերթով հրապարակելու հարցը, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք գործադրել:
Ասմար յայտնեց, որ սեփական մարզին մէջ կը գործեն 450 հազար քաղաքացիներ, որոնք ցաւալի վիճակի մէջ կ՛ապրին, եւ կարեւոր է, որ այդ որոշումները ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հրապարակուին:
Ասմար յայտնեց, որ իրենք ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին եւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ կը շարունակեն սեփական մարզին փոխադրածախսը քննարկել` նկատի ունենալով, որ օրին, երբ այս հարցը նախնականօրէն քննարկած էին, ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 36.000 լ. ոսկի էր, իսկ այսօր` 51.000 լ. ոսկի:
Միքաթի. «Կառավարութիւնը Վստահաբար
Նիստեր Պիտի Գումարէ` Հարցեր Լուծելու Համար»
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լրագրողներուն սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը վստահաբար նիստեր պիտի գումարէ` հարցեր լուծելու համար:
Ան նկատել տուաւ, որ նախարարաց խորհուրդը արագ նիստի մը հրաւիրելու իմաստով հրաւէր պիտի չցրուուի, որպէսզի կարելի ըլլայ նիստին օրակարգը կազմելիք շտապ թղթածրարները լաւ սերտել:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ արագ որոշումի կարօտող հարցերէն մէկը կը նկատուի պետական դպրոցներու յայտարարած դասադուլին հարցը, որ իր երրորդ շաբաթը ամբողջացնելու ճամբուն վրայ կը գտնուի:
Միքաթի դիտել տուաւ նաեւ, որ կառավարութեան գումարելիք նիստերը հակասահմանադրական չեն` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ համայնքին պատկանող պաշտօններուն տիրանալու մասին յայտարարութիւնները զարմանք կը պատճառեն եւ անհիմն կը նկատուին:
Միքաթի շեշտեց, որ կարեւորագոյնը Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնն է:
Ան ընդգծեց, որ ինք համաձայն է, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները իրենց բոլոր գումարները ստանան` աւելցնելով սակայն, որ յանգելու համար ոմանց կողմէ յայտարարուող փոփոխութեան, պէտք է գործակցիլ:


