Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մեմֆիս Տեփայ Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Մատրիտեան ակումբը 28 տարեկան ֆութպոլիստին հետ կնքեց երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ այս փոխանցման համար Աթլեթիքօ պիտի վճարէ 4 միլիոն եւրօ:
Անոր պայմանագրութիւնը քաթալոնական ակումբին հետ նախատեսուած էր մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը:
«Թրանսֆերմարքեթ»-ի համաձայն, ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրոյով:
Նշենք, որ իր կազմին միանալէն ետք, Տեփայ իր նորամուտը նշեց Աթլեթիքոյի հետ, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով ան Ռէալ Վայատոլի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-0) դաշտ ներկայացաւ մրցումին 75-րդ վայրկեանին:


