Հայրենի «Ժողովուրդ» օրաթերթը կը գրէ. «Շատ անյաջող միջադէպ էր», «Ժողովուրդ» օրաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին այսպէս արձագանգեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէա Վիքթորին` խօսելով 17 յունուարին Արցախի ճամբուն վրայ տեղի ունեցած միջադէպին մասին: Խօսքը այն դէպքին մասին է, երբ ազրպէյճանցի «բնապահպաններ» Արցախի ճամբուն վրայ կանգնեցուցած էին ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ երեխաները տեղափոխող փոխադրակառքը, ներս մտած, սարսափեցուցած անչափահասները:
«Եւրոպական Միութեան դեսպանէն «Ժողովուրդ» օրաթերթը մասնաւորաբար հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՞նչ կը մտածէ դէպքի մասին. չէ՞ որ, ի վերջոյ, բազմաթիւ միջազգային հռչակագիրներ խախտուած են, նոյնիսկ այդ պահուն երեխաներէն մէկը ուշաթափուած է: Ի պատասխան` տիկին դեսպանը նշեց. «Ատիկա շատ անյաջող միջադէպ էր, սակայն Եւրոպական Միութիւնը ընդհանուր առմամբ կը գործէ. մենք կը փորձենք լուծել խնդիրը, համոզուած ենք` միջանցքը պէտք է բացուի, պէտք է մարդոց եւ ապրանքներու ազատ մուտք ըլլայ, մենք դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունինք եւ կը փորձենք խնդիրը լուծել»:
«Մեր ճշդող հարցումին` իսկ ի՞նչ կ՛ըսէ Արցախի երեխաներու ոտնահարուած իրաւունքներուն մասին, տիկին Վիքթորին նշեց. «Կը կարծեմ` արդէն ըսի. մենք կը փորձենք դիւանագիտական լուծում գտնել»:


