Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ` ուրբաթ, 20 յունուարին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ կը մեկնարկէ Քորոնա համավարակին դէմ պայքարելու նորագոյն պատուաստի «Պիովալան» կոչուող տարբերակը: Ապիատ յայտնեց, թէ այս գծով մեծապէս օգտակար եղած է Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը, որ աւելի քան 300 հազար պատուաստ անվճար տրամադրած է Լիբանանին: Ապիատ այս մեկնարկը կատարեց Ռում հիւանդանոցէն, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր համավարակի դիմակալման ճիգերուն մէջ: Ան յայտնեց, թէ նշեալ պատուաստը պիտի յատկացուի քաղաքացիներուն` անվճար: Համավարակի հիւանդներուն եւ բուժուածներուն մասին թուական տեղեկութիւններ ներկայացնելէ ետք Ապիատ ընդգծեց, որ ներկայիս կացութիւնը հակակշիռի տակ է: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն, յատկապէս` վաթսուն տարիքը բոլորածներուն, դիմելու հիւանդանոց եւ ստանալու պատուաստը, նախքան ուշ ըլլալը:


