Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ միջնապահ Արամ Քոչարեան միացաւ երեւանեան կազմին:
26 տարեկան միջնապահը, որ Ուրարտուի սան է, Հայաստանի մէջ հանդէս եկած է Արարատի, Լոքոմոթիւի, Լոռիի, Գանձասարի, Փիւնիկի եւ Նորավանքի հետ:
Քոչարեանի նախկին ակումբն էր Վիթեպսքը, որուն հետ ան 15 մրցումի մասնակցեցաւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով:
Արամ Քոչարեան ներկայացուցած է Հայաստանի 17, 18, 19 տարեկանէն վար հաւաքականները, ինչպէս նաեւ երիտասարդական հաւաքականը, մինչ վերջերս հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքական:


