Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 22 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ չյաջողեցաւ պաշտպանել նախորդ տարի տիրացած Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի իր տիտղոսը:
Այս մրցաշարքին թիւ 1 դասուած Նատալ Բ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-4, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 65-րդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Մաքենզի Մաքտոնալտէն:
18-րդ դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ Բ. հանգրուանին մրցեցաւ աշխարհի դասաւորման 84-րդ դիրքին վրայ գտնուող աւստրալիացի Ճէյսըն Քուպլերի դէմ, արձանագրեց 6-4, 5-7, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն, աշխարհի դասաւորման 20-րդ դիրքին վրայ գտնուող Խաչանով պիտի մրցի ամերիկացի Ֆրանսիս Թիաֆոյէի դէմ, որ աշխարհի դասաւորման 17-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի:
Աղջկանց մրցումներուն, թիւ 1 դասուած Իկա Սվիաթեք (Լեհաստան), 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց քոլոմպիացի Քամիլա Օսորիոյին:


