Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնագիտական. Բոհրած Եգիպտացորենը Փերուի Մէջ Ծանօթ Եղած Է Մօտաւորապէս Վեց Հազար Եօթը Հարիւր Տարի Առաջ

March 13, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունուարի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը հնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ մարդիկ բոհրած եգիպտացորեն պատրաստած են  աւելի քան վեց հազար եօթը հարիւր տարի առաջ:

Այսուհանդերձ, վերջերս հիւսիսային Փերուի ծովեզերքը գտնուող հնագիտական վայրերէն յայտնաբերուած եգիպտացորենի ողկոյզներու ու հացահատիկի կեղեւներու բրածոյ մնացորդներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ մօտաւորապէս վեց հազար եօթը հարիւր տարի առաջ մարդիկ տարբեր տեսակի ուտելիքներ պատրաստած են եգիպտացորենով:

Նախապէս բրածոյ հատիկներու մնացորդներուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութեան մը միջոցով մասնագէտներ գտած են, թէ մարդիկ եգիպտացորենով ու հացահատիկով ուտելիքներ պատրաստած են մօտաւորապէս հինգ հազար տարի առաջ: Սակայն նշեալ մնացորդներուն միջոցով կարելի չէ եղած տեղեկութիւն հաւաքել այդ հատիկներուն չափին եւ կամ ձեւին մասին:

Ինչ կը վերաբերի նշեալ ծիրին մէջ կատարուած նորագոյն ուսումնասիրութեան, ապա զայն գլխաւորող ամերիկացի հնագէտ Տոլորես Փիփեռնօ ըսած է, թէ անոր մէջ օգտագործուած տարրալուծարանային քննութիւններն ու շողաբնածուխի միջոցով կատարուած թուագրումը հետաքրքրական նորութիւններ ցոյց տուած է վերջերս յայտնաբերուած բրածոյ հատիկներուն մնացորդներուն մասին: Այսպէս, օրինակ, մասնագէտները հնագոյն հատիկներուն մէջ գտած են բոհրած եգիպտացորենի մնացորդներ:

Անոնք յայտնած են, թէ Հիւսիսային Փերուի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ապրած մարդիկը եգիպտացորենը եփած են տարբեր ձեւերով: Այսուհանդերձ, ոմանք եգիպտացորենի հատիկները կրող ողկոյզը փաթթած են ցարդ անծանօթ բաղկացուցիչ ունեցող նիւթի մը մէջ ու ապա զայն տեղադրած են վառուող ածուխի վրայ, իսկ ուրիշներ բոհրած են զայն` ուղղակիօրէն տեղադրելով կրակի վրայ եւ կամ հողեղէն փուռի մէջ տեղադրած ու եփած են զայն:

Յատուկ Առիթներու
Սպառուած
Ուտելիքը

Մասնագէտ Փիփեռնոն հաւանական գտած է, թէ եգիպտացորենը իբրեւ յաւելեալ ուտելիք սպառուած է հնագոյն ժամանակներուն ապրած մարդոց կողմէ` նկատի ունենալով անոր սպառումի փոքր տարողութինը:

Կարգ մը մասնագէտներ հաւանական գտած են, թէ նշեալ մարդիկը եգիպտացորենը սպառած են միայն յատուկ առիթներու (օրինակ` ծիսակատարութիւններու) ընթացքին:

Մասնագէտ Փիփեռնոյին համաձայն, եգիպտացորենը ամէնէն առաջ մարդոց սննդեղէնին մէջ ներառուած է Մեքսիքայի մէջ մօտաւորապէս ինը հազար տարի առաջ: Ապա քանի մը հազար տարի ետք, անիկա հասած է Հարաւային Ամերիկա, ուր հողագործներ կրցած են մեծ տարողութեամբ բերք ձեռք ձգել անկէ եւ ատեն մը ետք յաջողած են արտադրել եգիպտացորենի հարիւրաւոր տեսակներ:

Մասնագէտ Փիփեռնոն բրածոյ հատիկներու մնացորդներուն յայտնաբերումներուն մէջ ամէնէն աւելի տարօրինակ գտած է եգիպտացորենի հատիկներուն ունեցած այլազանութիւնը:

Պէտք է նշել, թէ հնագոյն ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած եգիպտացորենի տեսակները իրենց չափով ու տեսքով տարբեր եղած են ներկայիս գոյութիւն ունեցող եգիպտացորենի տեսակներէն:

Պատրաստեց`  ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւր`
«Նէշընըլ ճիոկրաֆիք»)

Նախորդը

Հնագիտական. Ծովային Առասպելական Հրէշի Մը Մարմնին Մնացորդները Մխրճուած` Ովկիանոսին Յատակը

Յաջորդը

Հնագիտական. Նախապատմական Ժամանակներուն Ապրած Թեւատները Եղած Են Բարձրահասակ, Սակայն` Նիհար

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.