Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնագիտական. Ծովային Առասպելական Հրէշի Մը Մարմնին Մնացորդները Մխրճուած` Ովկիանոսին Յատակը

March 13, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ծովային վիթխարի հրէշին ողնայարին զոյգ շարք կազմած ոսկորներուն բրածոյ մնացորդները

2011-ի վերջաւորութեան Լաս Վեկասէն մօտաւորապէս հինգ հարիւր վաթսուն քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք գտնուող հնագիտական վայրի մը մէջ բրածոներու ամերիկացի մասնագէտ մը յայտնաբերած է հետաքրքրական շարուածք ունեցող ողնայարի հսկայ ոսկորներու բրածոյ մնացորդները, որոնք մխրճուած եղած են նախապատմական ժամանակներուն ովկիանոսի յատակ եղած տարածքի մը մէջ:

Նշեալ ոսկորներուն մնացորդները եզրակացնել տուած են զիրենք յայտնաբերող մասնագէտ Մարք ՄըքՄենամինը, թէ հնագոյն ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած է մելանաձուկի տեսք ունեցող ծովային վիթխարի հրէշ մը, որ որսացած է հանրակառքի մեծութիւն ունեցող ծովային հրէշներ:

Հնագիտական տուեալներուն համաձայն, ծովային այդ վիթխարի հրէշը գոյութիւն ունեցած է մօտաւորապէս երկու հարիւր միլիոն տարի առաջ: Անոր ողնայարին հսկայ ոսկորները բոլորաձեւ անօթներու տեսք ունեցած են: Նման կերտուածքով ողնայարի ոսկորները պատկանած են նաեւ հոյամողէզներու ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած ձկնամողէզ կոչուած ծովային հսկայ սողուններուն:

Վերոնշեալ ոսկորներուն չափին հիման վրայ մասնագէտներ հետեւցուցած են, թէ ձկնամողէզներուն հասակը եղած է տասնհինգ մեթր եւ կամ աւելի:

Ներկայացուած Վարկածը`
Անտրամաբանական…

Մասնագէտ ՄըքՄենամին նկատած է, թէ ովկիանոսին յատակը մխրճուած ողնայարի հսկայ ոսկորներուն կարգ մը բաժինները հետաքրքրականօրէն զոյգ շարք կազմած են: Նշեալ երեւոյթին կապակցաբար մասնագէտ ՄըքՄենամին ներկայացուցած է վարկած մը, որուն համաձայն, մելանաձուկի տեսք ունեցող ծովային հսկայ հրէշ մը ձկնամողէզներ որսացած ու կերած է, ու ապա անոնց ողնայարին ոսկորները զուգահեռ շարած է` դիտմամբ նմանցնելու համար զանոնք իր շօշափուկներուն վրայ եղող արիւն ծծող բոլորաձեւ կերտուածքներուն:

Միւս կողմէ, սակայն, անասուններու եղափոխութիւնը ուսումնասիրող ամերիկացի կենսաբան Փօլ Մայըրզ տարօրինակ չէ գտած ողնայարի հսկայ ոսկորներուն զուգահեռ շարուածքը: Այսուհանդերձ, ան բացատրած է, թէ երբ հսկայ ձկնամողէզները սատկած են, ժամանակի ընթացքին անոնց ողնայարին բոլորաձեւ ոսկորները սկսած են հետզհետէ իրարմէ տարանջատուիլ եւ իւրաքանչիւր ոսկոր ինկած է իր անմիջապէս տակը գտնուող ոսկորին աջ եւ կամ  ձախ կողմը` այդպիսով իրարու զուգահեռ եղող ոսկորներու շարք մը կազմելով, որ իր կարգին պահպանուած մնացած ու բրածոյի վերածուած է:

Մասնագէտները մասնագէտ Մայըրզի տուած բացատրութիւնը մասնագէտ ՄըքՄենամինի ներկայացուցած վարկածէն շատ աւելի տրամաբանական գտած են եւ հետամուտ են անոր հիման վրայ շարունակելու իրենց ուսումնասիրութիւնը:

Պատրաստեց`  ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւր`
«Նէշընըլ ճիոկրաֆիք»)

Նախորդը

Հնագիտական. Նախապատմական Ժամանակներուն Գոյութիւն Ունեցած «Տարօրինակ» Ուղտերու Բրածոներ Յայտնաբերուած` Փանամայի Մէջ

Յաջորդը

Հնագիտական. Բոհրած Եգիպտացորենը Փերուի Մէջ Ծանօթ Եղած Է Մօտաւորապէս Վեց Հազար Եօթը Հարիւր Տարի Առաջ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.