Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատաքայի դաշտին վրայ մրցեցաւ «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»-ի դէմ, անկէ կրեց 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեց Սերժ Գույումճեան (14-րդ եւ 29-րդ):
Սակայն հակառակ իրենց կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ-ի տղաքը ապահովեցին «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն իրենց տոմսը` գրաւելով դասաւորման 6-րդ դիրքը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ արձանագրելով 5 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով 4 պարտութիւն, ապահովեց 17 կէտ:
Պարագլուխի դիրքը գրաւած Ֆութսալ Փրօ, իր կատարած 11 մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց նոյնքան յաղթանակ եւ ապահովեց առաւելագոյն 33 կէտը:
«Ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Ճիւնի, Լիբանանեան բանակի հաւաքականը, Հըրրիէ Սայտա եւ «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»:


