Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնագիտական. Հնագոյն «Ծովային Հրէշ»-ի Բրածոն Յայտնաբերուած` Հարաւային Բեւեռի Ջուրերուն Մէջ

March 13, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օգոստոսի կէսերուն պրազիլցի խումբ մը մասնագէտներ հարաւային բեւեռին ծովերէն մէկուն մէջէն յայտնաբերած են «ծովային հրէշ» կոչուած հնագոյն հոյամողէզի բրածոն: Նշեալ բրածոյին ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անիկա գոյութիւն ունեցած է մօտաւորապէս ութսունհինգ միլիոն տարի առաջ: Նախապէս յայտնաբերուած ծովային հոյամողէզներուն հնագոյն բրածոն եղած է մօտաւորապէս եօթանասուն միլիոն տարեկան:

Հետեւաբար վերջերս յայտնաբերուած հոյամողէզի բրածոն աւելի քան տասնհինգ միլիոն տարի ետեւ տարած է անոնց գոյութիւնը:

Վերոնշեալ բրածոյին ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող պրազիլցի մասնագէտ Ալեքսանտր Քելնըր ըսած է, թէ ծովային այդ հոյամողէզը չէ պատկանած ցարդ ծանօթ եղող ծովային հոյամողէզներու որեւէ տեսակին, այլ անիկա ուշագրաւ կերպով տարբեր եղած է անոնցմէ: Այսուհանդերձ, անոր ողնայարին, գլխուն ու լողակներուն բրածոյ մնացորդներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անիկա ունեցած է 6-7 մեթր երկայնք:

Մասնագէտները նշած են, թէ հնագոյն ժամանակներուն ապրած ծովային հոյամողէզները գոյութիւն ունեցած են աշխարհի տարածքին տարբեր ծովերու ու ովկիանոսներու ջուրերուն մէջ ամէնուրեք: Թէեւ անոնք ունեցած են տարբեր չափեր ու կերպարանքներ, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը ունեցած է փոքր գլուխ, երկար վիզ ու հսկայ մարմին:

Մասնագէտները հնագոյն ծովային հոյամողէզի բրածոն յայտնաբերած են 2006-2007-ին հարաւային բեւեռին մէջ գտնուող Ռոս կղզիին շրջակայքէն:  Նշեալ բրածոյին առընթեր, անոնք յայտնաբերած են նաեւ աւելի քան երկուքուկէս թոն կշռող  բրածոներու հաւաքածոներ ու ժայռերու նմուշներ:

Նշեալ բրածոներուն մէջ եղած են նաեւ բոյսերու ու ծառերու մնացորդներ, որոնք հնագոյն ծովային հոյամողէզին տարիքը ունեցած են:

Նման երեւոյթ մը ցոյց տուած է, թէ նշեալ հոյամողէզին ապրած ժամանակաշրջանին հարաւային բեւեռին մէջ գոյութիւն ունեցած են անտառներ: Մասնագէտները հետեւցուցած են, թէ հոյամողէզները ապրած ըլլալու են ներկայիս գոյութիւն ունեցող միջավայրերէն շատ աւելի տարբեր եղող միջավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` կլիմայական շատ աւելի բարեխառն պայմաններու մէջ: 007-ին հարաւային բեւեռին մէջ գտնուող Ռոս կղզիին շրջակայքէն:

Պատրաստեց`  ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւր`
«Նէշընըլ ճիոկրաֆիք»

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 13 մարտ 1962 )

Յաջորդը

Հնագիտական. Նախապատմական Ժամանակներուն Գոյութիւն Ունեցած «Տարօրինակ» Ուղտերու Բրածոներ Յայտնաբերուած` Փանամայի Մէջ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.