Այս շաբաթասկիզբին Աւստրալիոյ մէջ մեկնարկը տրուեցաւ տարուան առաջին կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, երբ Աւստրալիոյ ախոյեանութեան գծով կատարուեցան Ա. հանգրուանի տղոց եւ աղջկանց ճակատումները:
Թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 7-5, 2-6, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց անգլիացի Ճեք Տրէյփըրին:
Իր կարգին, յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ 18-րդ դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ 7-6, 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց սպանացի իր մրցակիցին` Պեռնապէ Սապաթա Միրալեսին:


