Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տէր Աստուծոյ Մատուցանեցէ՛ք Ինչ Որ Ուխտով Խոստացաք. Եւ Դուք` Շրջակա՛յ Ազգեր, Ձեր Նուէրները Բերէ՛ք Ահաւորին» (Սղ 76.12)

January 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ

Ամանոր է, փակեցինք անցնող տարուան էջերը եւ բացինք կեանքի նոր էջ մը` սպիտակ եւ անբիծ: Ամանորը հանգրուան մըն է, երբ մարդիկ իրենց ապագային համար ծրագիրներ կը մշակեն եւ կը ջանան զանոնք իրագործել նոր տարուան ընթացքին:

Մարդիկ բազմաթիւ որոշումներ կու տան, սակայն քիչերուն տրուած է ուխտել: Որոշումներ կու տան, սակայն կրնան զանոնք չիրագործել, իսկ երբ մէկը ուխտ մը կատարէ, ինքզինք կը դնէ բարձր պատասխանատուութեան մը առջեւ: Վստահաբար բոլորդ ալ տեսած էք, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ, երբ պիտի անդամակցին ազգային կամ կրօնական հաստատութեան մը, ուխտ կը կատարեն` խոստանալով հաստատուն եւ հաւատարիմ մնալ անոր կանոնադրութեան: Մարդիկ, երբ պատասխանտուութեան գիտակցութիւնը ունենան, կը զգան, որ ներքուստ կը փոխուին, կը դառնան ազնիւ, արի, հերոս. կարծես կը վերածնին: Եթէ ենթական չկարենայ իր ներաշխարհին մէջ ապրեցնել այս վիճակը, չի կրնար իր լրումին հասցնել իր կատարած ուխտը:

Որեւէ ուխտ կը պահանջէ հոգեկան կորով, կատարեալ հաւատարմութիւն եւ ճշմարտասիրութիւն, հնազանդութիւն, կարգապահութիւն, անձնուիրութիւն եւ նման առաքինութիւններ, որոնցմով մարդը պիտի կարենայ իր նկարագիրը կերտել: Մենք` իբրեւ հայորդիներ, որ ծնած ենք Հայ եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն, պարտինք հոգեկան այս առաքինութիւններով արիացած, այլակերպուած եւ հաւատարմութեամբ կատարել մեր ուխտը, ապա ապրիլ անոր գիտակցութեամբ, դառնալու` Թարգմանիչներ, Վարդանանց հերոսներ, Շնորհալիներ եւ Տաթեւացիներ, որոնք դարեր շարունակ հաւատարիմ մնացին իրենց ուխտին եւ անոր լոյսը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ: Մենք` բոլորս, հոգեւորական թէ աշխարհական, պարտաւոր ենք իբրեւ մեր ճիտին պարտքը պահպանել եւ տէր կանգնիլ մեր նախահայրերուն ձգած սրբազան ժառանգութիւններուն, մեր կրօնին, քաղցրահամ լեզուին, ճոխ ու հարուստ մշակոյթին, մանաւանդ` մեր սրբազան նախահայրերուն ոգիին: Ոգին կենսական է, որովհետեւ եթէ զայն չունենանք մեր մէջ, պիտի նմանինք կանթեղի մը, որ պարպուած է իր ձէթէն:

Մարդիկ ուխտեր կը կատարեն` թութակի նման իրենց շրթունքներուն վրայ արտասանելով բառեր: Գիտակից մարդը կ՛ուխտէ` իր մէջ ունենալով եռանդը, ներքին ճշմարիտ համոզումն ու հաւատքը: Ուխտել ոչ թէ պարտականութեան սիրոյն, այլ` զգալ ուխտին մեծութիւնն ու նուիրականութիւնը:

Մեր ուխտը պարտինք ընել ամենասուրբ Ս. Երրորդութեան անունով` ունենալով մեր նախահայրերուն խոր հաւատքը, թէ` Աստուած է մեր գոյութեան խարիսխը, առանց որուն` մենք ոչինչ ենք, Անով «կեամք եւ շարժիմք եւ եմք». Որդին, որուն թափած արեան շնորհիւ է, որ փրկութիւն ունինք. Ս. Հոգին` կենդանի կրակը արբուցանողը, շնորհքներու աղբիւրն ու կեցուցիչը:

Ուխտել` ճշմարիտ սիրով, սիրել մայր Ս. Եկեղեցին, մայր Հայաստանը, հայ ժողովուրդը, մեր սրբութիւններն ու աւանդութիւնները եւ մեր դարաւոր պատմութիւնը:

Ուխտել` ծառայելու ամբողջ էութեամբ, անշահախնդիր ու անձնուէր հոգիով եւ գիտակից միտքով:

Ուխտել` պաշտպանելու մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին իրաւունքները` ի գին մեր արեան հեղման:

Աւարտին մեր աչքերը բարձրացնենք դէպի վեր, դէպի երկինք եւ ի խորոց սիրտի, արտասուալից ոգիով ըսենք. «Տէ՛ր, ընդունէ՛ մեր ուխտը»:

Ուխտադրութենէն ետք հոգեկան ներքին երանութիւն մը պիտի զգանք, խրախոյս մը եւ անսպառ եռանդ մը, որ է Ս. Հոգւոյ ներբնակութիւնը մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, Ս. Հոգւոյն շնորհիւ է, որ մենք կը լիցքաւորուինք իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ զօրութեամբ եւ այն ատեն պիտի զգանք, որ Աստուած ընդունած է մեր ուխտը:

Ուխտաւորը այն է, որ սրբազան եւ արդար դատ մը կը հետապնդէ: Մեր բոլորին դատը գերազանցօրէն սուրբ է եւ արդար, հայ ժողովուրդին անմեղօրէն թափած արեան եւ մարտիրոսացման դատն է, զոր օր մը պիտի շահինք. անպայմա՛ն:

Կեանքի գերագոյն երջանկութիւնն ու իմաստը պիտի գտնենք մեր կատարած ուխտին մէջ: Նոր նուաճումներ պիտի արձանագրենք, մեր կեանքը ամբողջովին պիտի այլակերպուի եւ պտղաբերի, երբ հաւատարիմ մնանք մեր կոչումին եւ ուխտին: Ներկայ տագնապեցուցիչ եւ անորոշութեամբ լեցուն օրերը պիտի անցնին եւ, Շնորհալիին բառերով, «Արդար արեգակը» պիտի ծագի հայ ժողովուրդին գլխուն վերեւ:

Ուրեմն, օ՛ն, յառա՛ջ, մեր ուխտը կատարենք եւ հասնինք մեր նպատակին` առանց վարանելու որեւէ չարիքի դիմաց:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Տարի (Բ.) Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում 2023

Յաջորդը

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիին. «Պէտք Է Բարոյականն Ու Աստուածայինը Առաջանորդեն Մեր Ձգտումները, Իսկ Մեր Ուշադրութիւնը Պարտինք Ուղղել Մեր Զաւակներուն», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.