ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 48.700 լ. ոսկի է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն հաստատեց, որ Պաալպեքի մէջ 22 հոկտեմբեր 2022-ին առեւանգուած սուրիացի երեխաներ` Մուհաննատ եւ Ղալեպ Մաժետ Ուրուպ եղբայրները կրցած է ազատել:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի տեղեկատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Նիտա ուաթան» օրաթերթը իր հրապարակած լուրերը որոշ աղբիւրներու հետեւցնելով ինքն իր վստահելիութիւնը կը խոցէ, ինչպէս նաեւ կը ներկայանայ իբրեւ անպարկեշտ մամուլ: «Եթէ զօր. Աուն փափաքի յայտարարութիւն մը կատարել, բնաւ այս կամ այն աղբիւրին ետին պահուըտելու կարիք չի զգար», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը աւարտեց Մեծն Բրիտանիա կատարած իր պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութիւնը: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանով հետաքրքրուած միջազգային ուժերուն քաղաքական գետնի վրայ օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած տագնապը: Ան անհրաժեշտ նկատեց ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանը պաշտօնապէս ներկայացնել իբրեւ դրական չէզոքութեան երկիր: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը լուծելու եւ օժանդակելու, որ անոնք Սուրիա վերադառնան:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան թեկնածու երեսփոխան Միշել Մուաուատ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Միքաթի պէտք է ճիգ թափեն, որպէսզի տարակարծութիւններ ստեղծող թղթածրարներ երեւան չհանեն եւ երկրին հաստատութիւնները աւելի եւս չքանդեն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի Լիբանան այցելութիւնը կը վնասէ լիբանանեան ազգային կառուցուածքին` նկատի ունենալով նախագահական դատարկութեան փուլը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քարիմ Քապպարա զգուշացուց Թրիփոլիի մէջ ստեղծուելիք քաոսէն եւ իրարանցումներէն: Ան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, որովհետեւ անիկա ազգային պարտականութիւն մըն է, որ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան իրենց կեցուածքին եւ համբերելով կոչ պիտի ուղղեն երկխօսութեան, որպէսզի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը կարելի ըլլայ:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ շաբաթավերջին այցելեց Շթորա, ուր ընդունուեցաւ Իթթիհատ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Հասան Մըրատի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ ժողովուրդին կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը:


