Մոլտովայի փոխվարչապետ Նիքօ Փոփեսքու յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ռուսական ուժերու Մերձտնեսթրի հողերէն հեռացման վրայ պնդել, սակայն այդ հարցը պիտի լուծեն բացառապէս խաղաղ միջոցներով:
Փոփեսքու մոլտովական պատկերասփիւռի 8-րդ կայանին յայտնեց. «Մենք միշտ ըսած ենք, որ ռուսական ուժերու Մոլտովայի հողերուն վրայ անօրինական ներկայութիւնը հանրապետութեան ու շրջանի անկայունութեան ազդակներէն մէկն է», նշեց Փոփեսքու:
«Այդ նպատակը իրականացնելու միակ միջոցները, զորս կ՛ուզենք կիրարկել ռուսական կողմին ու Մերձտնեսթրի հետ, դիւանագիտութիւնը, բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնն են», աւելցուց ան:
Ան հաստատեց, որ ներկայիս դժուար է հարցը քննարկել, որովհետեւ իր երկիրը Մոսկուայի հետ միայն դեսպանատուներու մակարդակով յարաբերութիւններ կը պահպանէ:


