Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Լուիս Էնրիքէ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը գլխաւորելու գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Նկատի առնուած թեկնածուներուն կարգին են նաեւ Ժոզէ Մուրինիօ (Ա. Էս. Ռոմա), Ֆերնանտօ Տինիզ (Ֆլումինենսէ) եւ Քարլօ Անչելոթթի (Ռէալ Մատրիտ):
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Մուրինիօ եւ Անչելոթթի այդքան ալ համամիտ չեն այս գաղափարին:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալին աւարտէն ետք, Թիթէ հեռացաւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբէն:


