Անցեալի նետերլանտցի անուանի ֆութպոլիստ Ռոպին Վան Փերսիի որդին` Շաքիլ, առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ Նետերլանտներու 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբ:
16 տարեկան Շաքիլ կարելիութիւն ունէր նաեւ ընտրելու Մարոքի 17 տարեկանէն վար ազգային խումբը:
Ան իր հօրը նման ձախլիկ է եւ կը խաղայ յարձակողական գիծի վրայ:
Ընթացիկ տարեշրջանին Շաքիլ Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի խումբին հետ 13 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 16 կոլ:
Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած 39 տարեկան Ռոպին Վան Փերսի 102 մրցումի ընթացքին նշանակելով 50 կոլ, Նետերլանտներու ազգային խումբին պատմութեան մէջ լաւագոյն ռմբաձիգն է:


