«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ Հիլալ (Սէուտական Արաբիա) կ՛ուզէ իր կազմին միացնել արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին:
Նշուեցաւ, որ Հիլալ պատրաստ է Մեսսիին առաջարկել, տարեկան 280 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Եթէ պատահի, որ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետք Մեսսի իր կարգին միանայ Հիլալի, Սէուտական Արաբիոյ յոյսերը բաւական պիտի մեծնան, որպէսզի անիկա կարենայ հիւրընկալել 2030-ի Մոնտիալը:
Նշենք, որ 35 տարեկան Մեսսիի պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս:


