Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Ինթեր Միլանի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու դարձեալ վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Պելճիքացի ֆութպոլիստը, որ վիրաւորեց իր ձախ ոտքը, պիտի բացակայի իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին յաջորդ քանի մը մրցումներէն:
Նախորդ ամառ լոնտոնեան Չելսիէն Ինթեր Միլան վերադառնալէ ետք Ռոմելու Լուքաքու արդէն իր երրորդ վնասուածքը կը ստանայ:
Ան այս տարեշրջանին բացակայեցաւ իր կազմին կատարած 16 մրցումէն, որուն պատճառով նշանակեց միայն երկու կոլ:
Այլ գետնի վրայ նշուեցաւ, որ անոր ակումբը մտադիր չէ երկարաձգել ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը, որ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:


