Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին արձանագրուած քառորդ աւարտականի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները:
Մանչեսթըր Եունայթըտ կը մրցի Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ, մինչ Նիւքասըլ Եունայթըտ իր դէմ պիտի ունենայ Սաութհեմփթընը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան երկուշաբթի, 23 յունուարին:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն Սաութհեմփթըն յաղթեց ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին (2-0), Նիւքասըլ` Լայսթըր Սիթիին (2-0), Մանչեսթըր Եունայթըտ` Չարլթոնին (3-0), իսկ Նոթինկհամ Ֆորեսթ` Վուլվզին (1-1, ապա` 4-3 փենալթիներով):


