Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 18-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը գրաւող Անժէն, անոր դէմ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, Ուկօ Էքիթիքէ նշանակեց փարիզցիներուն առաջին կոլը, մինչ 74-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ֆրանսացի մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէի գլխաւորած կազմը ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` վեց կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` Լանսի վրայ, որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սթրազպուրկի դաշտին վրայ. մրցումին չորս կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Թրուայի դաշտէն, իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 39 կէտ եւ այժմ միայն երկու կէտով ետ կը մնայ Լանսէն, իսկ ութ կէտով` Սեն Ժերմենէն:
Մարսէյի երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Շանսել Մպեմպա (10-րդ) եւ Ժորտան Վերեթու (46-րդ):


