«Հայաստանի վարչապետի նախօրէին կատարած շարք մը պնդումներ եւ տեսակէտներ յառաջացուցած են մտահոգութիւններ, քանի որ չեն համապատասխաներ ինչպէս համազգային պայքարի գաղափարներուն, այնպէս ալ Արցախի բնակչութեան եւ իշխանութիւններուն որդեգրած դիրքորոշումին», նշուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:
«Մենք կը գիտակցինք բոլոր այն հետեւանքներուն, որոնք կը բխին մեր որդեգրած քաղաքական գիծէն եւ կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումը առ այն, որ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են: Որեւէ պարտադրանք կամ սպառնալիք չի կրնար մեզ ետ պահել պայքարը շարունակելու մեր տուած որոշումէն», նշուած է երէկ Արցախի խորհրդարանի քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ կայացած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի յայտարարութեան մէջ:
Արցախի իշխանութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կը յորդորեն առաջնորդուիլ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններուն մէջ յառաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշումով` օգտագործելով միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան բոլոր կարելիութիւններն ու ամբողջ գործիքակազմը:
Նախանցեալ օրուան ասուլիսին Նիկոլ Փաշինեան նշած էր, որ փաստացի այսօր ալ, երէկ ալ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը ընկալած է իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:
«Մենք գուցէ նաեւ այդքան գործնապաշտ չենք գտնուած, երբ մեզի թուացած է, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերը ուղղակի բնագիրներ են թուղթի վրայ գրուած, ու մենք կրնանք նաեւ չնկատելու տալ, ատիկա մօտեցում մը եղած է, որուն մասին պէտք է մտածենք: Մենք պէտք է առերեսուինք փաստերու հետ: Ղարաբաղի հարցին մէջ մեր խօսոյթը, մեր ռազմավարութիւնները մէկը միւսին հակասած են: Եւ սա նոյնպէս յանգեցուցած է որոշակի հետեւանքներու», ըսած էր Փաշինեան:
Անվտանգութեան խորհուրդը նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւններուն անդրադարձած է` շեշտելով, որ անոնք անգամ մը եւս կը փաստեն, որ Լաչինի միջանցքը փակելը ոչ այլ ինչ է, քան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ ուժի սպառնալիքի կիրարկման ակնյայտ դրսեւորում:
«Ըստ այդմ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան` Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ահաբեկչական գործողութիւնները, ծրագրուող ցեղային զտումները եւ նախապատրաստուող նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու կոչով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


