Հայաստանի ուսանողական պատուիրակութիւնը, 12-22 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու Լէյք Փլէյսիթ քաղաքին մէջ կը մասնակցի ձմեռնային համաշխարհային 31-րդ Իւնիվերսիատային, որ ողիմպիական խաղերէն ետք ձմեռնային մարզաձեւերու մեծագոյն մրցաշարքն է:
Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն վեց մարզիկներ, որոնք հանդէս պիտի գան չորս մարզաձեւերու մէջ:
Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլլան Մարինա Ասոյեան (մենասահորդ), Արթուր Կրուզտեւ-Վիքթորիա Ազրոյեան (գեղասահքի պարի զոյգը), դահուկավազորդ Միքայէլ Միքայէլեան, լեռնադահուկորդ Յարութիւն Յարութիւնեան եւ Նորիկ Թադէոսեան (Սնոպոլ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ձմեռնային համաշխարհային իւնիվերսիատային կը մասնակցի պետական ֆինանսաւորմամբ. կառավարութիւնը այս նպատակով աւելի քան 19 միլիոն դրամ յատկացուցած է:
Նշենք, որ Հայաստանի մարզական ուսանողական ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Գաբրիէլեան յայտնեց, որ հայ մարզիկները լաւապէս պատրաստուած են այս խաղերուն:


