Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահի թեկնածու, երեսփոխան Միշել Մուաուատը` ներկայութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր չէ, այլ ինչպիսի՛ նախագահ ընտրելն է կարեւորը:
Ան նկատել տուաւ, որ անցեալ նախագահական ընտրութեան ընթացքին փափաք յայտնուեցաւ ամէն իմաստով լեցնել ստեղծուած նախագահական դատարկութիւնը, «որուն գինը շատ սուղ վճարեցինք, որովհետեւ դատարկութեան այս փուլէն առաջ մեր դիմագրաւած վեց տարիները շատ աւելի վատ էին, քան` 2016-էն առաջ տիրած դատարկութեան փուլը», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ վերստանձնել պետութիւնը եւ լուծել երկրին հարցերն ու լիբանանցիները իրարու հետ հաշտեցնել:
Ան հաստատեց, որ պէտք է ընտրել անկողմնակալ նախագահ մը, որ անմիջապէս գործի անցնի եւ ժամանակ չկորսնցնէ:
Սամի Ժեմայէլ մաղթեց, որ 2023-ին կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ տեսակարար փոփոխութիւն կատարել եւ նոր ու փայլուն էջ մը բանալ:
Այսօրուան նախագահական նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք առաջադրած են իրենց թեկնածուն, որ խորհրդարանին մէկ երրորդին քուէները կրցած է ապահովել: «Թող մնացեալ քաղաքական ուժերը առաջադրեն իրենց թեկնածուն, եւ եթէ ան կարենայ 65 քուէ ապահովել, ապա շնորհաւոր ըլլայ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Մուաուատ նշեց, որ նախագահական ընտրապայքարը անձերու պայքար չէ, այլ կը հետապնդէ գերիշխանական եւ բարեկարգչական նախագահի մը ընտրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել երկիրը:
«Մենք այս մօտեցումով կը ներկայանանք նախագահական ընտրութեան: Այս մօտեցումը յաւելեալ գործակցութեան ու համադրումի կը կարօտի, եւ մենք պէտք է ուս- ուսի գործենք` փրկելու համար Լիբանանը», շեշտեց ան:
Մուաուատ նշեց, որ ինք պատրաստ է գերիշխանական եւ բարեկարգչական ոեւէ թեկնածուի ընտրապայքարը վարելու, որովհետեւ պայքարը երկրին հաւասարակշռութիւնն ու պետականութիւնը վերականգնելու պայքար է:


