Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

January 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Յարգելի՛ ընթերցող,

Սոյն նամակով կու գամ ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել իրողութիւն մը, որ առնչուած է Ամանորի եւ Յիսուս Մանուկին Ս. Ծննդեան:

Ինչպէս գիտենք, աւանդաբար այս զոյգ տօներու եղանակին աշխարհով մէկ պատրաստութիւններ կը տեսնուին դիմաւորելու համար գալիք Նոր տարին. ամէն տեղ զարդարանքներ գունաւոր եւ աչքեր շլացնող լուսաւորումներ, շքեղ տօնածառեր` զետեղուած հրապարակներու վրայ, ըլլայ տուներու թէ խանութներու մէջ, ինչպէս նաեւ Յիսուս Մանուկին Ս. Ծնունդը խորհրդանշող մսուրներ:

Տարուան վերջին օրը` 31 դեկտեմբերին, տուներուն մէջ կը սարքուին ճոխ սեղաններ` աւանդական համեղ ճաշերով ու միրգերով:

Բայց եւ այնպէս բոլորին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Կաղանդ պապային այցելութեան վրայ` նուէրներ ստանալու ակնկալութեամբ. մեծ հաւատք ընծայելով, անհամբեր կը սպասեն այդ պահուան, ըլլայ երէց թէ չափահաս, մանաւանդ` երեխաները:

Սակայն, դժբախտաբար, շատ-շատեր անգիտակից են, թէ ո՞վ է Կաղանդ պապան` «Սանթա Քլաուս»-ը, համաշխարհային ճանաչում ունեցող այս տիպարը:

«Սանթա Քլաուս» անուանումը կը պատկանի Սուրբ Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետին, որ ապրած է 3-4-րդ դարերուն:

Սուրբ Նիկողայոս ծնած է 17 մարտ 270 թուականին, Անթալիոյ մօտակայքը գտնուող հայկական Կամիրք քաղաքին մէջ: Հայրը` Եպիբան, մեծահարուստ յոյն եղած է, իսկ մայրը` Նունէ, որ, ըստ ազգագրագէտ Ռաֆայէլ Նահապետեանին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ատեն կատարուած հաստատումին, ծագումով եղած է հայ:

Համաճարակի պատճառով Նիկողայոսի ծնողները կը մահանան, ան փոքր տարիքին կ՛որբանայ. իր հօրեղբայրը` համանուն Նիկողայոս եպիսկոպոս, զինք կը փոխադրէ Յունաստան վանք մը, որպէսզի զինք խնամէր:

Սուրբ Նիկողայոս 19 տարեկանին կը ձեռնադրուի քահանայ. միակ նպատակը կ՛ըլլայ օգնել եւ հասնիլ կարօտեալին, աղքատներուն, չքաւոր ընտանիքներուն, կ՛այցելէ հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն, իսկ երեխաներուն հանդէպ յատուկ սէր կը ցուցաբերէ:

Այս պատճառով ալ հօրմէն իրեն մնացած ժառանգը կը վաճառէ եւ կը բաժնէ աղքատներուն:

Սուրբ Նիկողայոս կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս, ապա կը նշանակուի Զմիւռնիա քաղաքին հայրապետ:

Զմիւռնիոյ մէջ կը շարունակէ բարեսիրական առաքելութիւնը:

Ամէն տարի Ս. Ծննդեան նախօրեակին գիշերը կը շրջի չքաւոր ընտանիքներու տուները, դրան առջեւ կը զետեղէր իրենց համար նուէրներ եւ սննդեղէններ, մանաւանդ իր աշակերտներուն կողմէ շինուած փայտէ խաղալիքները երեխաներուն քնացած պահուն կը տեղաւորէ անոնց հիւսուած գուլպաներուն մէջ: Այս պատճառով է, որ երեխաները փոփոխուած անուն մը կու տան. «Սանթա Քլաուս». «Սանթա» կը նշանակէ «Սուրբ», իսկ «Քլաուս»-ը Նիկողայոսի կրճատումն է:

Սուրբ Նիկողայոս իր ողջութեան ժամանակ բազմաթիւ հրաշքներ կատարած է` Յիսուս Քրիստոսի անունով: Սուրբ Նիկողայոս կը վախճանի 343 թուականի 6 դեկտեմբերին: Այս թուականը Սուրբին յիշատակութեան տօնն է:

Ս. Նիկողայոսին մասունքը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը, որ ամէն տարի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապին տօնին առիթով, երբ մեծաշուք թափօր կը կատարուի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով եւ այլ սրբազան մասունքներով, Սուրբ Նիկողայոսի Աջն ալ որպէս նուիրական սրբութիւն, Սեղբեստրոս Հայրապետի Աջին հետ, հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան կ՛արժանանայ` առ ի մխիթարանք:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Կիլիկիա» (Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Եռամսեայ Պաշտօնաթերթ)

Յաջորդը

Ամանորի Ոչ Ուղղափառ Խօսքեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.