Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մասանորի Ֆուքոշիմա կատարած է յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով Բերձորի միջանցքին երկայնքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանատունը:
«Մտահոգ եմ Լաչինի միջանցքին շուրջ զարգացումներու մասին հաղորդումներով: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` թուլացնելու լարուածութիւնը եւ ապահովելու միջանցքին երկայնքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` համաձայն կողմերու ձեռք բերած համաձայնութիւններուն», ըսած է դեսպանը:


