Գորիս-Ստեփանակերտ 110 քիլոուաթնոց Արցախը Հայաստանէն սնուցող միակ բարձր լարման ելեկտրականութեան գիծի 33-րդ քիլոմեթրին մէջ 9 յունուարին արձանագրուած է խանգարում: «ԱրցախԷներգօ»-ն կը յայտնէ, որ ըստ սարքաւորումներով արձանագրուած տուեալներուն, վնասուած վայրը կը գտնուի Աղաւնոյ-Բերձոր հատուածին մէջ:
«Ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշումին պատճառով նշուած հատուածին մէջ այս պահու դրութեամբ կարելի չէ իրականացնել այցելութիւն եւ կազմակերպել վնասի վերանորոգութեան աշխատանքներ, ուստի որոշում տրուած է հանրապետութեան ելեկտրամատակարարումը իրականացնել տեղական արտադրող կայաններու միջոցով` համապատասխան սահմանափակումներով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ Արցախի դեղարաններուն մէջ իրավիճակը ճգնաժամային է: Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի փակման պատճառով Արցախի դեղարաններուն մէջ որոշ տեսակի դեղամիջոցներու եւ մանկական ուտելիքներու անհրաժեշտութիւնը հետզհետէ աւելի կը զգացուի:


