
Փաղանգաւոր եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութիւններուն ուսանողական թեւերուն կողմէ անցեալ շաբաթ կէսօրին կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ուսանողները բողոքեցին Լիբանանի պատմութեան նոր դասագիրքի մը պատրաստութեան շրջագիծին մէջ մշակուած ծրագիրին դէմ:
Հարիւրաւոր ուսանողներ ուղղուեցան վարչապետարան` փոխանցելու համար իրենց բողոքի նամակը, սակայն վարչապետարանին յարակից տարածքին մէջ ցուցարարներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, երբ ցուցարարները մերժեցին ենթարկուիլ ապահովական ուժերուն ցուցմունքներուն:
Բախումները պատճառեցին 15 վիրաւորներ` ուսանողներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն շարքերէն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ խստիւ դատապարտեց ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ ցուցարար երիտասարդներուն դէմ բանեցուած ուժը` շեշտելով որ Լիբանանի գործադիր իշխանութիւններն են այս միջադէպին պատասխանատուները:
Իր կարգին, նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն դատապարտեց ներքին ապահովութեան ուժերուն այդ արարքը` զայն նկատելով մերժելի արարք մը:
Երէկ երեկոյեան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ուսանողական թեւը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` դատապարտելով ուսանողներուն դէմ գործուած այդ արարքը եւ շեշտելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ ուսանողներուն դէմ գործուած այդ արարքը ցոյցեր կատարելու եւ խօսքի ազատութեան սկզբունքի խախտում է:


